altՕս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ ան­սահ­ման ներդ­րում ու­նե­ցած աշ­խար­հահռ­չակ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու ­Պա­լեան գեր­դաս­տա­նին շի­րի­մը անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւէր ­Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տա­րի (­Պաղ­լար­պա­շի) հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ:

­Ծա­գու­մով ռու­մա­նա­հայ, փա­րի­զաբ­նակ Հ­րաչ եւ ­Յա­կոբ ­Քըր­մը­զեան եղ­բայր­ներ, ի յի­շա­տակ ի­րենց ծնող­նե­րուն՝ ­Վահ­րամ եւ Շ­նոր­հիկ ­Քըր­մը­զեա­նի, ամ­բող­ջո­վին վե­րա­կա­ռու­ցել կու տան այդ դամ­բա­րա­նը՝ հոն հանգ­չող­նե­րուն վա­յել ձե­ւով:

Հ­րաչ ­Քըր­մը­զեան յայտ­նած է, թէ պոլ­սա­հայ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու «­Հայ­ճար» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս սա­տա­րած է այս ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման: Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, ան ը­սած է նաեւ, թէ ­Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնն ալ մեծ ջանք գոր­ծադ­րած է Ս­կիւ­տա­րի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան շրջա­պա­տը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար. դէ­պի հոն ա­ռաջ­նոր­դող ճամ­բա­նե­րը, շրջա­պա­տը բա­րե­կար­գո­ւած են, դա­լա­րի­քի խնամ­քին անհ­րա­ժեշտ՝ ինք­նաշ­խատ ո­ռոգ­ման ցան­ցը վե­րա­նո­րո­գուած է եւլն.:

Հ. ­Քըր­մը­զեան հա­ւաս­տիա­ցու­ցած է, թէ ի­րենց նպա­տակն է ­Պա­լեան­նե­րու դամ­բա­րա­նը ընդգր­կել տալ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան ար­ժա­նի վայ­րե­րու ցան­կին մէջ: Ա­սի­կա կը հե­տապն­դէ մէկ կող­մէ՝ այդ տի­տան ճար­տա­րա­պետ­նե­րու հոյ­լին յի­շա­տա­կը մո­ռա­ցու­թե­նէ փրկե­լու, միւս կող­մէ ալ՝ ա­նոնց հայ­կա­կան ծա­գու­մը որ­պէս ի­տա­լա­կան (­Պա­լիա­նի) ներ­կա­յաց­նող զբօ­սաշր­ջա­կան թուրք ա­ռաջ­նորդ­նե­րու դի­տում­նա­ւոր խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը կան­խե­լու նպա­տակ­նե­րը: ­Նո­րա­կա­ռոյց դամ­բա­րա­նին բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րուի ­Հոկ­տեմ­բեր 1ին, հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ մը։