Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուր­քիոյ մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ տպագ­րո­ւած է հա­յե­րու ու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի մա­սին պատ­մող, ե­րե­խա­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած «Ո­րո՞նք են այս հա­յե­րը» ճա­նա­չո­ղա­կան գիր­քը:

 

 

Ըստ թրքա­կան Evrensel.net լրա­տո­ւա­կան կայ­քին` գիրք-ձեռ­նար­կը պատ­րաս­տո­ւած է ­Լոն­տո­նի ­Հայ­կա­կան ­Հիմ­նար­կի (The Armenian Institute) տնօ­րէն ­Սու­սան ­Փոլ ­Փաթ­թիի, ­Գա­գիկ Ս­տե­փան-­Սարգ­սեա­նի եւ ­Մա­րալ ­Քե­րով­բեա­նի կող­մէ:

Ermenihaber.am կը գրէ, որ ե­րե­խա­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած այս ձեռ­նար­կին տպագ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է յատ­կա­պէս ­Թուր­քիոյ դպրոց­նե­րուն մէջ հա­յե­րու, յոյ­նե­րու ու քիւր­տե­րու նկատ­մամբ սեր­մա­նո­ւող բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը փո­խե­լու տե­սան­կիւ­նէն: ­Յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նա­կը յոյս յայտ­նած է, որ գիր­քը՝ դպրո­ցա­կան­նե­րու մօտ բա­ւա­կա­նա­չափ տա­րա­ծո­ւե­լու պա­րա­գա­յին՝ կրնայ նպաս­տել 2 ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թեան:

Թր­քե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կու տայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, հա­յե­րէ­նի, հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, կրօ­նա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու ու սո­վո­րոյթ­նե­րու, հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի, ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու, ազ­գա­յին հա­գուստ­նե­րու, ա­ռած­նե­րու, բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, խա­ղե­րու մա­սին: ­Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի հե­տաքրքրա­կան դարձ­նե­լու նպա­տա­կող օգ­տա­գոր­ծո­ւած են բազ­մա­թիւ թե­մա­տիկ նկար­ներ ու լու­սան­կար­ներ: