Յուլիս 15ի Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջման ձախորդ հարուածը տակնուվրայ ըրած է երկրի ներքին քաղաքականութեան բոլոր հաւասարակշռութիւնները։
Մինչ երկրի գլխաւոր քաղաքական կուսակցութիւնները կը դատապարտեն հարուածը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Յուլիս 25ին դիտել տուաւ, որ հարուածին հեղինակները հաւանաբար քաջալերուած էին իշխող կուսակցութեան մէջ գործող խմբակի մը կողմէ։
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ Քրտական հարցին մէջ առկայ կացութիւնն ալ թերեւս կը հրահրէ ներկայ պատահարները, եւ այդ պատճառով ալ իր կուսակցութիւնը կողմնակից է, որ մասնաւոր պատուիրակութիւն մը ղրկուի Հիւսիսային Իրաք, բանակցելու համար Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) հետ, սակայն աւելցուց, թէ այս մասին որոշումը կախեալ պիտի ըլլայ նախագահ Էրտողանի ցոյց տալիք վերաբերումէն։
Տեմիրթաշ շեշտեց, որ իրենք յեշաշրջման հարուածին դէմ են, բայց դէմ են նաեւ արտակարգ վիճակի հաստատման, որովհետեւ կը վախնան, որ անիկա շահագործուի ընդդիմադիրները ճզմելու նպատակին համար։ «Ո՛չ պետական հարուածին, ո՛չ բռնակալութեան»,- ըսաւ ան։ Տեմիրթաշ նաեւ տարօրինակ համարեց գաղտնի սպասարկութեանց կաղացումը։
«Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ գաղտնի սպասարկութիւնները անհրաժեշտ տեղեկութիւններ չէին տուած նախագահին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։ Հոս անհասկնալի եւ մութ բան մը կայ»,- ըսաւ Տեմիրթաշ։