Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ կա­տա­րե­լա­պէս հա­մո­զո­ւած է, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէատք է ա­կանջ տայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն եւ վե­րա­կանգ­նէ մա­հա­պա­տի­ժը:

 

«­Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ Էր­տո­ղան յայտ­նած է.- «­Ժո­ղո­վուր­դը մա­հա­պա­տի­ժի վե­րա­կանգ­նու­մը կ­՛ու­զէ, եւ մենք մեր կար­գին իբ­րեւ կա­ռա­վա­րու­թիւն պէտք է ա­կանջ տանք ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նին: ­Մենք չենք կրնար ա­նոր պար­զա­պէս ը­սել, որ ա­տի­կա մեզ չի հե­տաքրք­րեր»:

«­Պէտք է որ­դեգ­րել այդ ո­րո­շու­մը, հա­կա­ռակ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հի­ման վրայ ա­նոնք սպառ­նա­ցին կանգ­նեց­նել երկ­րին Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը՝ ան­մի­ջա­պէս, որ վե­րա­կանգ­նենք մա­հա­պա­տի­ժը»,- ը­սաւ ան: