Թուրքիոյ հասարակական ցանցերուն մէջ տարածուած է ցուցակ մը, որուն մէջ նշուած են լրագրողներու անուններ, որոնք պէտք է ձերբակալուին: Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքական «Cumhuriyet» թերթին կայքը յայտնած է, որ տեղեկութիւնը սկսած են տարածել այն օգտատէրերը, որոնք
սերտ կապեր ունին իշխանական շրջանակներուն մէջ:
Օրինակ` Twitterի վրայ «Baskentai» անունով օգտատէրը հրապարակած է 73 լրագրողի անուն: Այս ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ հայ լրագրող, յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի անունը: Վերջինս նշելով, որ իրավիճակը ծիծաղելի է, յոյս յայտնած է, որ այս անսպասելի ողբերգութիւնը յաղթահարելով՝ աւելի շատ պիտի պայքարին ժողովրդավարութեան համար:
Թրքական այլ կայք մը` «Internethaber»ը, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Twitterի վրայ Պաղտատի կատարած վերջին արձանագրութեան վրայ, ուր ան գրած էր, որ կիսագործնական այցով Աթէնք կ՝երթայ եւ թող չըսեն, թէ ինքը փախած է:
Կայքը նշած է, որ պիտի ձերբակալուին այն լրագրողները, որոնք, ըստ պնդումներուն, առնչութիւն ունին կիւլենական համայնքին հետ: