15 Յուլիսի զինուորական ձախողած հարուածէն ետք, Թուրքիոյ մէջ սկսաւ պաշտօնազրկումներու եւ ձերբակալութիւններու շարք մը, որ տակաւին կը շարունակուի։ Այսպէս, վերջին տուեալներուն համաձայն՝ պաշտօնազուրկ եղած են 30 նահանգապետներ, աշխատանքէ հե
ռացուած են 9000 պետական ծառայողներ, որոնց շարքին կը գտնուին 7850 ոստիկաններ, ոստիկան զօրաց 614 սպաներ ու 47 քաղաքապետներ։
Յեղաշրջումի փորձէն ետք, հետաքննութեան շրջագիծին մէջ կալանաւորուեցան 2745 դատաւորներ ու դատախազներ, իսկ կարճ ժամանակ անց, անոնց մեծ մասը ձերբակալուեցաւ արդէն։ Լուրեր կը շրջին այն մասին, որ ձերբակալեալ դատաւորներուն ու դատախազներուն թիւը պիտի անցնի երեք հազարը, ինչ որ կը կազմէ ընդհանուր թիւին մէկ հինգերորդը, նկատի ունենալով, որ դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդին տուեալներով՝ երկրին մէջ կար 10.072 դատաւոր ու 4921 դատախազ։
Պաշտօնէ հեռացուած ոստիկանները 18 Յուլիսի գիշերը կանչուած են անվտանգութեան վարչութիւն, ուր անոնցմէ առգրաւուած են իրենց զէնքերն ու վկայականները։
Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ զինուորական վերնախաւէն ներս եւս ձերբակալութիւններ եղած են եւ ձերբակալուած են 103 զօրավարներ ու ծովակալներ։