Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թուրքիոյ յեղաշրջումի փորձին մէջ կասկածելիներու դէմ աննախադէպ բռնաճնշումներու առնչութեամբ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ կառավարութեան` հետեւելու ժողովրդավարական սկզբունքներուն:
Քերրի մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք շարունակուող ձերբակալութիւններու եւ հազարաւոր պետական պաշտօնեաներու բանտարկութեան առնչութեամբ: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը նաեւ չէ բացառած երկրին մէջ մահապատիժը վերականգնելու կարելիութիւնը: Ամերիկեան ազդեցիկ թերթին կարծիքով` այդպիսի գործողութիւնները կը վտանգեն ժողովրդավարական սկզբունքները, իսկ ատիկա իր կարգին հարցականի տակ կը դնէ ՕԹԱՆի մէջ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:
Քերրի թրքական կառավարութեան կոչ ուղղած է պահպանելու Թուրքիոյ մէջ անդորրութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգելու ժողովրդավարական արժեչափերը` յայտարարելով, որ իրենք պիտի զօրակցին յեղաշրջումի փորձ կատարածներուն դատավարութեան ենթարկումին: