altԱր­դէն դա­սա­կան դար­ձած բե­մագ­րու­թեամբ` ­Թուր­քիոյ մէջ ստեղ­ծո­ւած իւ­րա­քան­չիւր քաո­սի ժա­մա­նակ, խա­փա­նա­րա­րու­թեան թի­րախ կը դառ­նան ոչ-իս­լամ­նե­րը եւ ա­նոնց տա­ճար­նե­րը:

Ինչ­պէս կը յայտ­նէ «Ա­կունք»՝ վկա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան «demokrathaber.org»ը, ­Թուր­քիոյ վեր­ջին յե­ղաշրջ­ման փոր­ձին դէմ ի­րենց բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար, ­Յու­լիս 16ի ե­րե­կո­յեան փո­ղոց դուրս ե­կած ո­րոշ խում­բեր յար­ձա­կած են Տ­րա­պի­զո­նի ­Սուրբ ­Մա­րիա կա­թո­ղի­կէ եւ ­Մա­լա­թիոյ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն վրայ: ­Մար­դոց խում­բը քա­րեր նե­տած է ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն վրայ` ջար­դե­լով ա­նոնց ա­պա­կի­նե­րը:

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­րե­ւա­նու­թեամբ բնա­կող­նե­րու յան­դի­մա­նու­թեան եւ ձեռ­նար­կած քայ­լե­րուն շնոր­հիւ՝ խում­բե­րը հե­ռա­ցած են ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն տա­րած­քէն:

­Յի­շեց­նենք, որ 2006 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 5ին Տ­րա­պի­զո­նի ­Սուրբ ­Մա­րիա կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նան սպան­նած էին նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: