ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Նոյեմբեր 22էն 29, Պալի կղզիին մէջ, ԵՈՒՆԵՍՔՕի հերթական նստաշրջանին ընթացքին, Թուրքիան յաջողած է հարիսա ճաշատեսակը «Քեշքեք» անունով անցընել ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Ոչ նիւթական ժառանգութեան» ցանկին վրայ, իբրեւ թրքական ազգային ճաշատեսակ: Այդ մասին գրած է նաեւ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը:
Հարիսան հայկական ծիսական կերակուր է, որ հին ժամանակներուն պատրաստուած է հարսանիքներու ու ժողովրդական տօներու առթիւ: Ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան Դեկտեմբեր 1ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնած է անոր համար որ հարիսան համարած են թրքական ճաշատեսակ, երբ անիկա բնորոշ է տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներուն նոյնպէս:
Ռուզաննա Ծատուրեան, իր կարգին նշած է, թէ ինք՝ իբրեւ ազգագրագէտ, ունի այն տեսակէտը, որ որեւէ ուտեստի մասին կարելի չէ ըսել որ կտրուկ հայկական է: Սակայն եւ այնպէս, անոր խօսքով, կարելի չէ ժխտել, որ հարիսային հետ կապուած ծէսեր կան հայերուն մօտ. «Հարիսան մեր մշակոյթում, սննդի համակարգում կարեւոր տեղ ունի, բայց դրանով որեւէ մէկի յաւակնութիւններն այդ ուտեստի հանդէպ չենք կարող սահմանափակել», նշած է ան:
Ազգագրագէտը կ՛առաջարկէ ազգային ուտեստներն ու ճաշատեսակները արձանագրելու վերաբերեալ համապատասխան օրէնսդրական չափանիշներ որդեգրել: