­altԹուր­քիոյ մէջ ա­ւերուած վի­ճա­կի մէջ կը գտնուին Աք­շե­հի­րի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ ­Կեա­ւուր ա­նու­նը կրող պատ­մա­կան բաղ­նի­քը: Այդ մա­

սին, ըստ Akunq.netի, կը հա­ղոր­դեն թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը: Աղ­բիւ­րին հա­մա­ձայն` ­Կեա­ւուր ա­նո­ւամբ բաղ­նի­քը ար­դէն քան­դո­ւե­լու վտան­գին տակ է, իսկ պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն մեծ ճա­քեր յա­ռա­ջա­ցած են:

Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգնման ուղ­ղու­թեամբ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ո­րե­ւէ զար­գա­ցում չէ ար­ձա­նագ­րո­ւած, ե­կե­ղե­ցի՝ ո­րուն սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կա­նը կը պատ­կա­նի Աք­շե­հի­րի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին:

Աք­շե­հի­րի մէջ 19րդ ­դա­րուն տեղ­ւոյն հայ­կա­կան հա­մայն­քին կող­մէ կա­ռու­ցո­ւած եւ հե­տա­գա­յին ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու նպա­տա­կով օգ­տա­գոր­ծո­ւած այս ե­կե­ղե­ցին այդ­պէս ալ չէ վե­րա­կանգնո­ւած թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, հա­կա­ռակ բազ­միցս տրո­ւած խոս­տում­նե­րուն: Ինչ­պէս կ’ընդգծուի հրա­պա­րակ­ման մէջ, պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ ­Կեա­ւուր կո­չո­ւող բաղ­նի­քը ան­հետ կոր­սո­ւե­լու վտան­գի տակ են: