Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի եւ թրքական «Տողուշ» ընկերութեան միջեւ համաձայնագիր ստորագրուած է այն մասին, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի հիմնուի առաջին լուսանկարչական թանգարանը, որուն մէջ պիտի ներկայացուին Կիւլերի
ստեղծագործութիւնները:
Թանգարանը միջազգային բնոյթ պիտի ունենայ,- Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» պարբերականին յղումով՝ կը գրէ «Արցախփրես»:
Համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան մասնակցած են Կիւլեր, «Տողուշ» ընկերութեան նախագահ Ֆերիթ Շահէնք, ինչպէս նաեւ ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հիւսնիւ Աքհան:
Շահէնք յայտնած է, որ թանգարանը իր հովանիին տակ պիտի առնէ Կիւլերի բոլոր ստեղծագործութիւնները: Իբրեւ թանգարանի շէնք պիտի օգտագործուի Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող այն շինութիւնը, ուր ծնած, մեծցած եւ որոշ ժամանակ իբրեւ աշխատավայր գործած է լուսանկարիչը:
Թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուին Արա Կիւլերի գիրքերը, նոթերը, անձնական իրերը, մրցանակները, պաստառները, ժողովածուները եւ այլն:
2015ի Դեկտեմբերին, մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան panarmenian.netին յայտնած էր, որ Հայաստանի մէջ աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի թանգարանի ստեղծման հարցը կը դիտարկուի Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:
Անոր խօսքով՝ Երեւանի մէջ թանգարանի բացման կը խոչընդոտէ շէնքի հարցը: