Երբ 2015 թուականի Դեկտեմբեր 2ին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուր գաւառին մէջ յայտարարուած փողոց դուրս գալու արգելքը վերջերս մասամբ վերցուեցաւ, սկսան ի յայտ գալ Սուրի կրած վնասներուն չափերը:
Սուր գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին, որ վնասուած է եկեղեցւոյ ոչ այնքան դուրսի, այլ` ներսի կողմը, զոր 6 ամիս ոչ ոք կրնար տեսնել` բախումներու թատերաբեմին մէջ գտնուելուն պատճառով:
Տիգրանակերտի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եկեղեցին այցելելէ ետք յայտնած են, որ եկեղեցւոյ պատերը, տանիքը եւ զանգակատունը լուրջ վնասներ չեն կրած:
Սակայն, միւս կողմէ, անոնք արձանագրած են, որ եկեղեցւոյ բոլոր ապակիները կոտրուած են, անիկա օգտագործուած է որպէս ռազմակայան, նստարանները պատուհաններուն յենելով` պատնէշներ ստեղծած են, մէջը վառարան սարքած են, ուր այրած են որոշ նստարաններ, իսկ եկեղեցիին մէջը` աղբանոցի վերածած:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նշելով, թէ յատկապէս մեծ աւերածութեան ենթարկուած է Սուրբ Կիրակոսի այգիին մէջ գտնուող փոքր եկեղեցին, նաեւ յայտնած են.- «Թալանուած է եկեղեցւոյ գրասենեակը, վաճառելու նպատակով կողոպտուած` հոս գտնուող գիրքերը, ինչպէս նաեւ` նուէրները: «Քահանայատուն» անուանուող ներքեւի յարկին վրայ բացուած է մեծ անցք մը, որմէ կապ հաստատուած է Սուրբ Կիրակոսի կողքին գտնուող քաղդէական եկեղեցւոյ հետ»:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ ընդգծած են, որ մեծ չափով աւերածութեան ենթարկուած է նաեւ այն փողոցը, ուր կը գտնուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:
Անոնք յայտնելով, որ հոս բոլոր խանութներն ու տուները քանդուած են, առաջ նեղլիկ եղած այդ փողոցը այժմ ամբողջովին դատարկ է եւ վերածուած է բաց տարածքի մը, նաեւ շեշտած են, թէ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին եւ քաղդէական եկեղեցիին պատկանած շուրջ 25 խանութները եւս գետնին հաւասարեցուցած են:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները յայտարարած են.- «Յատկապէս Մկրտիչ Մարկոսեանի փողոցը այլեւս հարթ տարածք է, որմէ նոյնիսկ Մարտինքափըն կ՛երեւի: Կեաւուր Թաղը այլեւս ամբողջովին դատարկ է եւ մեծ տարածք:
Խճաքարերը հաւաքուած են, բայց Եօղուրթփազարը փողոցին մէջ տուները դեռ կանգուն են: Կեաւուր Թաղին մէջ կեաւուր չէր մնացած. հիմա թաղամասն ալ չմնաց»,- «Ակօս»ին կը գրէ Նազան Օզճան:
«ԱԿՈՒՆՔ» - Akunq.net