Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանուհի (CHP) Սելինա Տողան tert.amին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, թէ Թուրքիոյ
խորհրդարանին մէջ կը բացակային խօսքի ազատութիւնը եւ բազմակարծութիւնը. ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը դժուարանան բարձրացնելու զիրենք մտահոգող խնդիրները: “Աշխարհի բոլոր խորհրդարանները չունին Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիր, եւ քանի որ նման խնդիր ունեցող Թուրքիան չի փափաքիր լուծել իր խնդիրը, այլ խորհրդարաններ կ’ընեն ատիկա”,- ըսած է ան:
“Ես կը հաւատամ, որ այս քայլը՝ խնդիրը խաղաղ եւ օգտաբեր ճամբով լուծելու մարտահրաւէր էր Թուրքիոյ կառավարութեան համար”:
“Թուրքիոյ մէջ կը տիրեն ամբոխավար տրամադրութիւններ ա՛յս եւ այլ հարցերու վերաբերեալ։ Երկրին կառավարութիւնը միշտ կ’ունենայ ազգայնական ելոյթներ”:
“Պունտեսթակի ընդունած բնագիրը Թուրքիոյ ժողովուրդը ստիպեց նայելու ետ՝ իր պատմութեան, Թուրքիոյ մասնակցութեան՝ յանցագործութեան մը, որուն Գերմանիա ալ դաշնակից եղած է։ Ես կը հաւատամ, որ ասիկա՝ այս խնդիրը խաղաղ եւ օգտաբեր ճամբով լուծելու մարտահրաւէր էր Թուրքիոյ կառավարութեան համար”։
Ս. Տողան համոզուած է, որ Պունտեսթակի ճանաչումը աւելի շարունակական պիտի դարձնէ հայոց եւ ցեղային այլ խումբերու նկատմամբ ատելութեան տարածումը Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ, քանի որ հոն ազգային խտրականութեան խնդիր կայ: