ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունիս 10ին դատարան ներկայացան այն անձերը, որոնք տարի մը առաջ, 24 Ապրիլ 2015ին, «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ, «Գիշեր մը յանկարծ կրնանք  գալ» նախադասութեամբ սեւ ծաղկեպսակ մը դրած էին դրան առջեւ՝ սպառնալով ներկայ խըմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանին։
Այս շարժումին հեղինակները՝ Ազգայնապաշտ Թուրքիա կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախա-գահ Պիլալ Կէօքչէիուրթ եւ ազգայնամոլ Էրճան Ուչար,  դատարանին մէջ մերժեցին իրենց վերագրուած յանցանքը։  Կէօքչէիուրթ ըսաւ.- «Սեւ ծաղկեպսակով ըսել ուզեցինք, որ կը բողոքենք պետութեան կողմէ մերժուած Ցեղասպանութեան մասին իրենց կողմնակալ հրատարակութիւններուն դէմ։ Եթէ սեւ ծաղկեպսակը սպառնալիք մըն է, ապա սպառնալիք է նաեւ ասկէ առաջ՝ «Հրանդ Տինքի հաշիւը պիտի պահանջուի» գրութեամբ այն սեւ ծաղկեպսակը, որ դրուած էր արդարադատութեան նախարարութեան առջեւ» ըսած է ան։
Դատավարութեան ընթացքին խօսք առած է նաեւ «Ակօս» թերթի փաստաբան եւ ծանօթ ակտիվիստ Ֆեթհի- յէ Չեթին, որ յայտնած է,  թէ երբ «Ակօս»ի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինք իբրեւ թիրախ ցոյց տրուեցաւ օրին, նո՛յն բանը գրուած էր.- «Գիշեր մը յանկարծ կրնամ գալ, Հրանդ Տինք»։ Ինչպէս գիտե՛նք՝ այդպէս ալ եղա՛ւ։
«Ակօս»ի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան ներկայ չէ եղած  դատավարութեան այս նիստին. ուստի դատաւորը որոշած է, որ ան բռնի ուժով դատարան պէտք է բերուի, յաջորդ նիստին իր ներկայութիւնը ապահովելու  նպատակով։