Թրքական «Գորշ Գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը հանդիսացող Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի, իր կուսակցութեան Յունիս 8ի նիստի ընթացքին, արտայայտուած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման
մասին՝ ցոյց տալով, որ վերջին 101 տարիներուն շատ բան չէ փոխուած ազգայնամոլներու մտայնութեան մէջ:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ Պահչելի արդարացուցած է երիտթուրքերուն կողմէ հայերը տեղահանութեան ենթարկելու որոշումը՝ զայն անուանելով «հիանալի որոշում»: Օգտագործելով թրքական կեղծ թէզերը՝ ան մասնաւորապէս ըսած է.- «Ով ի՛նչ ուզէ, թող ըսէ. թուրք ժողովուրդի թիկունքէն դաշունահարածներու տեղահանութիւնը հիանալի քաղաքական որոշում էր, որ փրկեց թրքական հայրենիքը։
Փա՜ռք Աստուծոյ, որ կատարուած է այն, ինչ անհրաժեշտ էր: Տեղահանութիւնը տեղի՛ն էր։ Այսօր ալ եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի, անիկա անխուսափելի պիտի ըլլայ: Այդ ժամանակաշրջանի իթթիհատական (երիտթուրքեր) ղեկավարները ազգային գիտակցութեամբ կատարած են իրենց պարտականութիւնը»։
Պահչելի խօսած է նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին կողմ քուէարկած թուրք պատգամաւորներուն մասին՝ կրկին օգտագործելով վիրաւորական ձեւակերպումներ: