altԹր­քա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան, ­Սա­պա­հէտ­տին ­Զա­յիմ հա­

մալ­սա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սին ժա­մա­նակ իր ար­տա­սա­նած խօս­քին ըն­թաց­քին, անդ­րա­դար­ձած է ­Գեր­մա­նիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման:

«­Հէ՜յ, ­Գեր­մա­նիա, տե՛ս, դար­ձեալ կ­՛ը­սեմ` նախ եւ ա­ռաջ Ող­ջա­կի­զու­մի, ­Նա­մի­պիոյ մէջ շուրջ 100 հա­զար նա­մի­պիա­ցի­ներ սպան­նե­լու, ոչն­չաց­նե­լու հա­շի­ւը պէտք է տաս»,- ը­սած է Էր­տո­ղան` նշե­լով, որ ­Գեր­մա­նիա խորհր­դա­րա­նին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ քուէար­կու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու նո­ւա­զա­գոյն ի­րա­ւուն­քը ու­նե­ցող եր­կիրն է:

«­Մեր պատ­մու­թիւ­նը զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւն չէ, մեր պատ­մու­թիւ­նը բա­րեգ­թու­թեան եւ կա­րեկ­ցան­քի պատ­մու­թիւն է, եւ մենք ա­տով ալ կը տար­բե­րինք»,- ը­սած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը:

Ն­շենք, որ նա­մի­պիա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կ­՚ակ­նար­կէ 1904-1907 թուա­կան­նե­րուն կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ գա­ղու­թա­տի­րա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ հե­րե­րօ եւ նա­մա ցե­ղե­րու ան­դամ­նե­րուն մին­չեւ 80 առ հա­րիւ­րին սպա­նու­թեան՝ հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան Ափ­րի­կէի մէջ: ­Նա­մի­պիա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած է 75.000 մարդ: ­Գեր­մա­նիա 2004ին ըն­դու­նած է ­Նա­մի­պիոյ մէջ գոր­ծուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը: Էր­տո­ղան դար­ձեալ յի­շե­ցու­ցած է, որ ­Թուր­քիոյ մէջ շուրջ 100 հա­զար հայ կը գտնո­ւի` ա­ւելց­նե­լով, որ ի­րենք զա­նոնք բո­լորն ալ ­Հա­յաս­տան պի­տի ու­ղար­կէին, ե­թէ հա­յե­րու թշնա­մին ըլ­լա­յին: Ան հրա­ւի­րած է ու­սում­նա­սի­րե­լու թրքա­կան ար­խիւ­նե­րը եւ միայն ատ­կէ ետք ի­րենց դէմ մե­ղադ­րանք­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու:

Ան անդ­րա­դար­ձած է նաեւ ­Պուն­տես­թա­կի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւին թուր­քե­րու կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած ըլ­լա­լու փաս­տին` ը­սե­լով.- «Ի՞նչ թուրք: Ա­նոնց ա­րիւ­նը պէտք է տար­րա­լու­ծա­րա­նա­կան փոր­ձաքն­նու­թեան են­թար­կել»:

­Գեր­մա­նա­կան «­Տի ­Ցայթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ետք թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րը սկսած են մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­ներ ստա­նալ:
­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թե­նէն ե­րես­փո­խան Էօզ­քան ­Մութ­լու` պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի մը յայ­տա­գի­րէն խօ­սե­լով՝ յայ­տա­րա­րած է, որ գեր­մա­նա­կան խորհր­դա­րա­նի բո­լոր 11 թուրք ե­րես­փո­խան­ներն ալ սկսած են ան­նա­խա­դէպ մեծ քա­նա­կու­թեամբ սպառ­նա­լիք­ներ ստա­նալ: