«Էօզկիւր Կիւնտէմ» թրքական թերթի նախկին տնօրէնուհի, Հայ Դատի ի նպաստ իր դիրքորոշումով ծանօթ փաստաբանուհի Էրէն Քէսքին եւ նոյն թերթի նախկին խմբագրապետ Ռէյհան Չափան, այդ թերթին մէջ լոյս ընծայուած իրենց յօդուածներով «ա
հաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն» ընելու մեղադրանքով՝ կը դատուէին Պոլսոյ Ծանր Յանցանքներու 13րդ Դատարանին կողմէ: Իր վերջին նիստի ընթացքին դատակազմը արձակած է իր վճիռը. Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան Էրէն Քէսքին ու Ռէյհան Չափան իւրաքիւնչիւրը 3 տարի 9 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է:
Վճիռին մէջ նշուած է, որ անոնք անցեալին ալ դատապարտուած ըլլալով՝ պատիժներու զեղչ կամ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր:
Թերթին փաստաբանը՝ Էօզճան Քըլըչ յայտարարած է, թէ այս պատիժները միայն ու միայն անոնց լրագրական գործունէութեան պատճառով սահմանուած ըլլալով՝ իրենք պիտի բողոքեն: