Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը կատարած է՝ դատապարտելով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կատարուած յարձակումը՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան պոլսահայ պատ
գամաւոր Կարօ Փայլանի վրայ: Յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի, որ իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը, անհանգստանալով ժողովուրդներու պայքարէն եւ համերաշխութենէն՝ այս անգամ իբրեւ թիրախ ընտրած է քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող հայ պատգամաւորը:
«Իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան քիւրտ ժողովուրդն ու անոր պայքարը մեկուսացնել եւ վարկաբեկել, այժմ պայքարը խորհրդարան հասցուցած են՝ յստակ դարձնելով իրենց այլատեաց էութիւնը»,- նշած է «Նոր Զարթօնք»ը՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ Կարօ Փայլանն ու Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան միւս պատգամաւորները առանձին չեն: «Նոր Զարթօնք»ի անդամները իրենց յայտարարութեան մէջ նշած են, որ իրենք կը հաւատան ժողովուրդներու հաւասարութեան, համերաշխութեան եւ միասնական պայքարին, ու վճռական են այդ պայքարին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Մայիս 2ին, իշխանամէտ եւ քրտամէտ պատգամաւորներու միջեւ ծագած վիճաբանութեան ընթացքին, Փայլան յարձակումի ենթարկուեցաւ իշխանաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Փայլան, պատմելով միջադէպին մասին՝ ըսած է.- «Ակնյայտ էր, որ անոնք զիս թիրախ ընտրած էին»՝ աւելցնելով, որ շուրջ 100 բռունցքի ու ոտքի հարուածներ ստանալու կողքին, իր հասցէին ուղղուած են ազգայնամոլ յայտարարութիւններ եւ ատելութեան խօսքեր։