Վերջին երկու տասնամեակներուն թրքական բանակին մէջ արձանագրուած է խորհրդաւոր պայմաններու տակ մահացած զինուորներու 2220 դէպք, որոնց 80 առ հարիւր համեմատութեան ինքնութիւնը կը պատկանի հայ, քիւրտ եւ ալեւի զինուորներու: Խորհրդաւոր մահուան այս դէպքերը որոշ կասկածներ կը յարուցեն թրքական բա
նակին մէջ, ուր ազգութեամբ քիւրտ, հայ թէ ալեւի զինուորներ լուրջ ճնշումներու կ՚ենթարկուին:
Ըստ քրտական «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթի ելեկտրոնային կայքին՝ այս հարցով զբաղող Ռիզա Տողանի կարծիքով, Յուլիս 2015էն ի վեր նմանօրինակ 8 դէպքեր պատահած են թրքական բանակին մէջ, շատ հաւանաբար` անձնասպանութեան պատճառով:
Տողան, որուն 20ամեայ որդին` Ույսալ Տողան նոյնպէս մահացած էր 2012ին, Մուշի մէջ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին, մեծ կասկածներ ունի իր զաւկին մահուան գծով թրքական իշխանութեանց տուած անձնասպանութեան պատճառաբանութեան գծով: Ան խորապէս համոզուած է, որ իր որդին դիտումնաւոր կերպով սպաննուած է:
Նոյն պարագաներուն տակ մահացած զինուորներու ընտանեկան պարագաները տակաւին կը սպասեն դատական անաչառ վճիռին, որ սակայն միշտ ի նպաստ բանակի հրամանատարութեան կ՚ընթանայ: