Վերջին շրջանին, Թուրքիոյ ոսկերչական արտադրանքին վրայ Ռուսիոյ կողմէ կիրառուող բարձր մաքսատուրքերուն պատճառով, դժուարացած է թրքական արտադրանքին արտահանումը դէպի Ռուսիա:
Ըստ ermenihaber.amի՝ թրքական «Hurriyet» թերթը կը նշէ, որ Պոլսոյ յայտնի «Փակ շուկայ»ի (Քափալը չարշը) ոսկերիչները արտադրութիւն կազմակերպելու համար հա
յեացքները ուղղած են դէպի Հայաստան եւ Իրան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրանի նոր բացուած շուկային մէջ իրենց տեղը ունենալու համար Պոլսոյ ոսկերիչները սկսած են մասնակցելու այդ երկրին մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն, ու քայլեր կը ձեռնարկեն այնտեղ համատեղ արտադրութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ՝ Պոլսոյ «Քափալը չարշը»ի եւ Քույումճուքենթ թաղամասին մէջ կեդրոնացուած ոսկերիչները, Ռուսիոյ կողմէ սահմանուած 42 տոկոսանոց հարկէն խուսափելու նպատակով, սկսած են քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի մէջ արտադրութիւն կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Կը նշուի, որ բազմաթիւ ոսկերիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը հայկական ծագում ունի, կը նախընտրեն Հայաստանը, քանի որ այստեղ աշխատուժը համեմատաբար աւելի աժան է:
«Ոսկերիչները կ՚երթան աւանդաբար բարձրակարգ ոսկերիչ ու արծաթագործ վարպետներով յայտնի այդ երկիրը, կը կազմակերպեն իրենց արտադրութիւնը եւ այնտեղէն ալ կ՚արտահանեն դէպի Ռուսիա եւ յետ-խորհրդային տարածքի երկիրներ»,- կը գրէ թրքական թերթին կայքը`աւելցնելով, որ այդպիսով կը թեթեւնայ նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներու ոսկերիչներուն ծանրաբեռնուածութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ «Քափալը չարշը» այցելող զբօսաշրջիկներու թիւի զգալի անկում կը նկատուի, որուն պատճառներէն մէկն ալ շուկայի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ոսկերիչներուն Հայաստան տեղափոխուիլն է: Ըստ կայքին` «Քափալը չարշը»ի ամենայայտնի ոսկերչական սրահներէն 5-6ը արդէն տեղափոխուած են Հայաստան ու այստեղ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
«Պնդումներ կան, որ Հայաստանէն ոսկերչական արտադրանքը մաքսանենգ ճանապարհներով կ՚անցնի Թուրքիա, ինչ որ հարկերու կորուստի պատճառ կը դառնայ: «Ոլորտի պատասխանատուները եւ տեղափոխուած ընկերութեանց տէրերը չեն ցանկար այս թեմայով խօսիլ: Հիմնական վախը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ կիրարկուող արգելքն է»,- կը գրէ թրքական աղբիւրը: