Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԱտր­պէյ­ճա­նի մէջ ապ­շած են Ապ­րի­լի սկիզ­բը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րու սան­ձա­զեր­ծած ռազ­մա­կան յար­ձակ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րը 100է ա­ւե­լի զին­ծա­ռա­յող­նե­րու կո­րուս­տի մա­սին հա­մա­ցան­ցի վրայ յայտ­նո­ւած տո­

ւեալ­նե­րով, զորս Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մինչ այժմ կը շա­րու­նա­կէ թաքց­նել ատր­պէյ­ճա­նա­կան հան­րու­թե­նէն:

Հա­մա­ցան­ցի վրայ յայտնուած է Ատր­պէյ­ճա­նի հան­րա­ծա­նօթ եր­գա­հան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ ­Ճա­ւան­շիր ­Կու­լիե­ւի հետ ատր­պէյ­ճան­ցի լրագ­րող Է­մին Ահ­մետ­պէ­յո­վի հար­ցազրոյ­ցը, ո­րուն ըն­թաց­քին ա­նոնք զար­ման­քով խօ­սած են, թէ Լ.Ղ.Հ. բա­նա­կի շար­քա­յին զի­նո­ւոր­նե­րը յա­ջո­ղած են յար­ձակ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րը ոչնչաց­նել հան­րա­պե­տու­թեան տա­րածք ներ­խու­ժե­լու փորձ կա­տա­րած ատրպէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի այդ­չափ յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­ներ: Զրու­ցա­կից­նե­րը նաեւ նշած են, թէ Ատր­պէյ­ճան ե­ղած է ա­ռա­ջին յար­ձա­կո­ղը Լ.Ղ.Հ.ի վրայ:

Ատրպէյ­ճա­նա­կան ձայնասփիւ­ռի ե­թե­րով՝ Է­մին Ահ­մետ­պէ­յո­վի դի­տարկ­ման, որ Ատրպէյ­ճա­նի 100 բարձրա­կարգ եւ ար­հես­տա­վարժ յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­ներ ոչն­չացուած եւ 500է ա­ւե­լի զին­ծա­ռա­յող­ներ վի­րա­ւո­րուած են ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, ­Ճա­ւան­շիր ­Կու­լիեւ տա­րա­կու­սանք յայտ­նած է, թէ «իսկ ին­չո՞ւ սկսան եւ ին­չո՞ւ կանգ ա­ռին»: «Այդ հար­ցը ամ­բողջ ժա­մա­նակ գլխուս մէջ է, յե­տոյ` ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու 1,5 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին մօտ 100 ջո­կա­տա­յին­ներ, ի դէպ, ա­նոնք շար­քա­յին զին­ծա­ռա­յող­ներ չէին, այլ յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան զօր­քե­րու պատ­րաս­տո­ւած տղա­ներ: ­Հա­մա­ցան­ցի վրայ ար­դէն կը յայտ­նո­ւին ա­նոնց լու­սանկար­նե­րը:

Ա­նոնք բո­լորն ալ ամ­րա­կազմ, հա­սուն տղա­ներ են: Եւ ա­նոնց­մէ 100ը սպան­նո­ւած է: Այդ օ­րե­րուն այն­տեղ այդ ի՞նչ պա­տե­րազմ տե­ղի ու­նե­ցած է, որ մենք կորսն­ցու­ցինք այդ 100 լաւ պատ­րաս­տո­ւած զինուոր­նե­րը»,- հարց տո­ւած է ­Կու­լիեւ, եւ ինքն ալ պա­տաս­խա­նած.- «Ա­նոնք մեր բա­նա­կի ընտ­րեալ զի­նո­ւո­րա­կան­ներն էին»: «­Կը մտա­ծեմ` ի՞նչ շա­հե­ցանք ու ի՞նչ կորսն­ցու­ցինք այդ պա­տե­րազ­մին»,- ը­սած է ան: Bellingcat վեր­լու­ծա­կան խում­բը կը յայտ­նէ, որ իր «զգոյշ գնա­հա­տա­կան­նե­րով»` Ապ­րի­լի 1-5 Ատր­պէյ­ճա­նի կո­րուս­տը նո­ւա­զա­գոյ­նը 400 զին­ծա­ռա­յող է: