Ատրպէյճանի գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Ժողովրդական Ճակատ կուսակցութեան առաջնորդ Ալի Քերիմլի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բանակին կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան յարձակման որպէս հետեւանք մեծ թիւով զինուորներու եւ ռազմական սարքերու կորուստին առընչութեամբ՝ յայտա
րարած է, որ տասնեակ միլիառ տոլարներ ծախսած բանակը պէտք չէր, որ սպաննուած շուրջ 100 զինուոր ունենար:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ ոգեկոչելով «Ազադլըգ» թերթը, ըստ որուն Ալի Քերիմլի դժգոհած է, որ ատրպէյճանական պաշտօնական շրջանակները ժողովուրդէն ծածուկ կը պահեն հայկական կողմի հակահարուածներուն հետեւանքով՝ ոչնչացուած ատրպէյճանցի զինուորներու իրական թիւը, որու պատճառով ալ իրենք հարկադրուած են այդ մասին տեղեկութիւններ ձեռքբերելու ընկերային ցանցերու միջոցաւ՝ անկախ լրագրողներու հաղորդած տուեալներէն:
«Ատրպէյճանի իշխանութեան գլուխը գտնուող՝ «Ենի Ատրպէյճան կուսակցութեան» վարքը անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ, որ վերնախաւի նպատակը ոչ թէ Ղարաբաղն է, այլ՝ իշխանութեան պահպանումը»,- ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Ալի Քերիմլի յայտարարութեամբ մը՝ ղարաբաղեան ճակատին վրայ վերջին օրերուն ատրպէյճանական բանակի ձախողած ռազմական գործողութիւններուն գծով՝ իր երկրին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնը խստօրէն քննադատած էր: