Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Քր­տա­մէտ HDP կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ ­Սէ­լա­հատ­տին ­Տէ­միր­թաշ, ար­ցա­խեան վեր­ջին դէպ­քե­րէն ետք, ար­տա­յայ­տո­ւե­լով հար­ցին մա­սին՝ ը­սած է, թէ Ատրպէյ­ճան պէտք է հրա­ժա­րի ­Ղա­րա­բա­ղէն, յի­շեցնե­լով որ ան ինք­նա­վար շրջան է: Այս դիր­քո­րո­շու­մը բնա­կա­նա­բար բուռն զայ­րոյթ պատ­ճա­ռած է թուր­քե­րուն, ո­րոնք

կ­՚ը­սեն, թէ ­Տէ­միր­թաշ թուր­քե­րու նկատ­մամբ թշնա­մա­կան նոր ար­տա­յայ­տու­թիւն մը եւս ա­ւել­ցուց:

Տէ­միր­թաշ այս­քա­նով ալ չէ գո­հա­ցած, ­Թուր­քիան ամ­բաս­տա­նած է Ատրպէյ­ճա­նը գրգռե­լու յան­ցան­քով: «­Հար­ցը պէտք է լու­ծո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ եւ ոչ թէ պա­տե­րազ­մով, այլ սե­ղա­նի շուրջ»,- ը­սած է ան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին այդ տագ­նա­պը յան­կարծ երկ­րէ եր­կիր ջար­դե­րու դուռ կրնայ բա­նալ: ­Տէ­միր­թաշ իր կու­սակ­ցու­թեան ­կազ­մա­կեր­պած հան­րա­հա­ւա­քին ու­նե­ցած իր ե­լոյ­թին ալ յայ­տա­րա­րած է, թէ Ա­նա­տո­լիոյ մէջ թուր­քե­րէն ա­ռաջ՝ հա­յե­րը եւ քիւր­տե­րը կ­՚ապ­րէին:

­Քիւրտ ղե­կա­վա­րը ը­սած է, որ 1071ին, երբ Ալ­փարս­լան ­Մա­լազ­կիրթ (­Մա­նազ­կերտ) մուտք գոր­ծեց, Ար­տա­հա­նէն ­Սիւ­լէյ­մա­նի­յէ, ­Վա­նէն ­Պո­թան՝ քիւր­տեր կը բնա­կէին: «Երբ Ալ­փարս­լան կ­՚ու­զէր մտնել Ա­նա­տո­լիա, այդ հո­ղե­րուն վրայ հա­յեր կը բնա­կէին։ ­Քիւր­տե­րը ինք­նա­վար էին։ Ալ­փարս­լան օգ­նու­թեան կան­չեց ­Մե­րո­ւա­նի­նե­րը։ Քր­տա­կան ­Մե­րո­ւա­նի պե­տու­թիւ­նը իր 10 հա­զար աս­պետ­նե­րը օգ­նու­թեան ղրկեց։

Այդ­պէս է, որ թուր­քե­րը Ա­նա­տո­լիա մտան։ Ա­նա­տո­լիա մտնե­լու ժա­մա­նակ Ալ­փարս­լան չէր կրնար ը­սել՝ «­Քիւրտ չկայ, քրտե­րէն չկայ»։ Ար­դէն այդ­տե­ղե­րը ­Քիւր­տիս­տան էր։ Կ­՚ը­սեն, թէ հա­զա­րա­մեայ հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւն ու­նինք։ Եղ­բա՛յր, ա­տոր 900 տա­րի­նե­րուն՝ մենք քիւրտ էինք։ ­Վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կին ջա­նա­ցիք մեզ թրքաց­նել...»,- յայ­տա­րա­րած է քիւրտ պա­րագ­լու­խը: