Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղաք Պա­քո­ւի մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նին մէջ, Մարտ 30ին, ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւե­ցաւ այ­լա­խոհ գրա­գէտ Էք­րեմ Այ­լիշ­լի, որ իր ա­ւագ որդ­ւոյն՝ Ի­լիա­սի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, պի­տի մեկ­նէր Վե­նե­տիկ, մի­ջազ­գա­յին գրա­կան փա­ռա­տօ­նի մը մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։

Երկ­րի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ծի­ծա­ղե­լի մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը ը­րած է այս մա­սին՝ յայ­տա­րա­րե­լով, թէ Այ­լիշ­լիի մեկ­նու­մը ար­գի­լո­ւած է, քա­նի որ ան «վի­ճա­բա­նու­թիւն ու­նե­ցած է ան­ցագ­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ»։

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Թու­րան» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը գրէ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն վրէժխն­դիր ըլ­լալ երկ­րին եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ յայտ­նի 78ա­մեայ այս վի­պա­սա­նին հան­դէպ, այն բա­նին հա­մար, որ 2011ին ան հրա­տա­րա­կած է ե­րեք վէ­պե­րէ բաղ­կա­ցած «­Վիթ­խա­րի Խ­ցա­նում» ե­ռա­պա­տու­մը, ո­րուն մէջ ան կը մեր­կաց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նէն ներս խորհր­դա­յին ու ներ­կայ քա­ղա­քա­կան բար­քե­րը։

Այ­լիշ­լի տա­կա­ւին այդ տա­րի­նե­րուն, որ­պէս գրող-կան­խա­տես, փոր­ձած է ազ­դան­շան տալ այն մա­սին, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բռնա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գը դէ­պի փա­կու­ղի կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ եր­կի­րը։ Ե­ռա­պա­տու­մը կը նե­րառ­նէ ե­րեք վէ­պեր՝ «Ե­մին», «­Վիթ­խա­րի Խ­ցա­նում» եւ «­Քա­րէ Ե­րազ­ներ»։

Գ­րա­գէ­տին դէմ բա­ցա­յայտ հա­լա­ծանք­ներ սկսած են այն բա­նէն ետք, երբ 2012ի Դեկ­տեմ­բե­րին, «Տ­րուժ­պա Նա­րո­տով» ամ­սա­գի­րը հրա­տա­րա­կեց ա­նոր «­Քա­րէ Ե­րազ­ներ» վէ­պը։

Այս վէ­պին մէջ, Այ­լիշ­լի ա­կա­նա­տես­նե­րու աչ­քե­րով հան­գա­մա­նա­լից կեր­պով նկա­րագ­րած է Նա­խի­ջե­ւա­նի Ա­գու­լիս գիւ­ղին մէջ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին՝ 1919ին, ինչ­պէս նաեւ 1988-1990ա­կան­նե­րուն Սում­գա­յի­թի ու Պա­քո­ւի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած հայ­կա­կան ջար­դե­րը։ Վէ­պի հրա­պա­րա­կու­մէն եր­կու տա­րի ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Այ­լիշ­լիի դէմ զան­գո­ւա­ծա­յին հա­լա­ծան­քի լծո­ւե­ցան, ըն­տա­նի­քը ան­գործ մնաց, եւ հե­ղի­նա­կէն խլո­ւե­ցան իր պե­տա­կան կո­չում­ներն ու մրցա­նակ­նե­րը։