Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան յայտնած է, որ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին ներկայացուցած է հարցադիմում՝ Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) Սուր գաւառին մէջ շարք մը տարածքներու եւ կառոյցներու պետականացման մանրամասնութիւնները ճշգրտելու նպատակով:
9 կէտերէ բաղկացած իրենց հարցադիմումը Փայլան հրապարակած է իր Facebookի էջին վրայ:
Վարչապետին մասնաւորապէս հարց տրուած է, թէ ո՞րն է Սուր գաւառին մէջ ընդհանուր 6300 հողակտորի «անյապաղ պետականացման» դրդապատճառը, այդ որոշման ներքոյ ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են, ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Սուրի մէջ բնակող քաղաքացիներու սեփականութեան իրաւունքները:
Կարօ Փայլան եւ անոր կողմնակիցները, իրենց ներկայացուցած հարցադիմումով, Տաւութօղլուէն նաեւ պահանջած են յստակացնել, թէ արդեօք պետականացման որոշումը պիտի ազդէ՞ տեղի քրիստոնէական, ասորական եւ քաղդէական եկեղեցիներուն վրայ: Միաժամանակ՝ անոնք ուզած են յստակացնել, թէ ո՞ր չափանիշներով եւ օրէնքներով ընտրուած են «վտանգաւոր տարածքները», ուր պիտի ազդէ պետականցման մասին որոշումը եւ արդեօք անոնք պիտի հրապարակուի՞ն, թէ՞ ոչ:
Պատգամաւորները հետաքրքրուած են նաեւ, թէ արդեօք ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու սեփականութիւնը պետականացնելու մասին որոշումը չի՞ հակասեր օրէնսդրութեան եւ Լօզանի համաձայնագիրին: