Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

alt7 ­Մար­տին, Ատր­պէյ­ճա­նի ­Ղա­զա­խի շրջա­նին մէջ, մա­հա­ցած են զի­նո­ւոր­ներ ­Կա­լիպ ­Լա­յիմ օղ­լու ­Զուլ­ֆու­կա­րով (ծնեալ 1992ին) եւ ­Կա­ֆա­րա­լի Ին­թի­կամ օղ­լու ­Հա­ճիեւ (ծնեալ 1997ին): Այս մա­սին գրած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրատուա­մի­ջոց­նե­րը՝ յղում կա­տա­րե­լով

Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քին, ուր նշուած է, որ զի­նո­ւոր­նե­րը մա­հա­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին վրայ:

­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը զինո­ւոր­նե­րուն մա­հո­ւան մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն հրա­պա­րա­կած է 28 ­Մար­տին, երբ այդ մա­սին ար­դէն իսկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կա­յին ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ՝ ­Լեն­քո­րա­նի շրջա­նի ­Վի­լո­ւան գիւ­ղին մէջ ­Զուլ­ֆու­գա­րո­վի յու­ղար­կա­ւո­րու­թե­նէն ետք: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն եւ պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գի այլ կա­ռոյց­նե­րու մէջ 2016 թո­ւա­կա­նի սկիզ­բէն ի վեր մա­հա­ցած են 11 զի­նո­ւոր­ներ, վի­րա­ւո­րո­ւած են 3 ու­րիշ­ներ:

Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան ը­սած է, որ ոչ-աշ­խա­տան­քա­յին օ­րե­րուն թէ՛ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թէ՛ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծե­րուն վրայ ի­րա­վի­ճա­կը ան­հան­գիստ էր։ «­Հանգս­տեան օ­րե­րին սահ­մա­նա­յին հա­տո­ւա­ծում նկա­տո­ւել է լա­րո­ւա­ծու­թիւն: ­Կա­րող ենք ա­սել, որ ­Տա­ւու­շի մար­զի բո­լոր սահ­մա­նա­յին գիւ­ղե­րում ան­հան­գիստ է ե­ղել: Ինչ­պէս գի­տէք, եր­կու օր ա­ռաջ հա­կա­ռա­կոր­դի կրա­կո­ցից քա­ղա­քա­ցիա­կան անձ է վի­րա­ւո­րո­ւել, մէկ այլ քա­ղա­քա­ցու տնտե­սու­թեա­նը հաս­ցո­ւել է մեծ վնաս:

­Հայ­կա­կան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ե­ղել են հա­մա­չափ, պա­տաս­խան է տրո­ւել բո­լոր թի­րա­խա­յին կրա­կոց­նե­րին: ­Հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան տօ­նե­րին Ադր­բե­ջա­նի կող­մից ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նա­ցու­մը, հրա­դա­դա­րի ռե­ժի­մի պահ­պան­ման մա­սին մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի յոր­դոր­ներն ան­տե­սելն ան­պա­տաս­խան չեն մնա­ցել»,- յայ­տա­րա­րած է Ա. ­Յով­հան­նի­սեան: