Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altՊոլ­սոյ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ույ­կար ­Կիւլ­թե­քի հա­ղորդ­ման հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, 25 ­Մար­տին տուած մէկ ո­րո­շու­մով, պե­տա­կա­նա­ցու­ցած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սուր թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող 6300 կա­ռոյց­ներ

եւ տա­րածք­ներ, ո­րոնց շար­քին նաեւ` Ս. ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին: ­Պե­տա­կա­նացուած կա­լո­ւած­նե­րու շար­քին են նաեւ ա­սո­րա­կան, քաղ­դէա­կան եւ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ:

Ս. ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին տա­րի­ներ շա­րու­նակ ձգո­ւած էր բախ­տի քմա­հա­ճոյ­քին: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մեծ ջան­քե­րու շնոր­հիւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած ու վե­րա­բա­ցո­ւած էր հայ­կա­կան այս սրբա­տե­ղին: «Ա­կօս»ի թղթա­կի­ցը կապ հաս­տա­տած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ­Նե­ւին ­Սոյ­լու­քա­յա­նի հետ, որ իր կար­գին յայտ­նած է, թէ ­Սու­րի մէջ գտնո­ւող բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ հիմ­նադ­րամ­նե­րուն պատ­կա­նող տա­րածք­նե­րուն պե­տա­կա­նաց­ման ո­րո­շու­մը տրո­ւած է ար­դէն:

Այդ կա­լո­ւած­նե­րու ցան­կին մէջ կը գտնո­ւին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին պատ­կա­նող ու­նե­ցո­ւածք­ներ, ո­րոնց հա­մար քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րո­շած է դա­տի տալ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը:

­Սոյ­լու­քա­յան նաեւ յայտ­նած է, թէ անհ­րա­ժեշտ է, որ սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը նոյն­պէ՛ս դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցի սկսին: ­Թուր­քիոյ մէջ հիմ­նադ­րամ­նե­րուն առնչուող օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն ետք, ­Պո­լիս բնա­կող տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­նե­րը վերս­տեղ­ծած էին Ս. ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մը եւ սկսած վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը: Ե­կե­ղե­ցին վե­րա­կանգ­նած էր տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ստա­ցո­ւած օգ­նու­թեանց շնոր­հիւ: ­Վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար շուրջ 2 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա ծախսուած է: