Թուրքիոյ զբօսաշրջութիւնը մեծ կորուստներ կը կրէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ճգնաժամի եւ պարբերաբար կրկնո
ւող ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով: Panorama.amի փոխանցմամբ` այս մասին կը գրէ «Wall Street Journal» պարբերականը: Պարբերականը կը նշէ, որ 2001-2014 թուականներու ընթացքին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ եկամուտները եռապատկուեցան` հասնելով 34,3 միլիառ տոլարի:
Այս ոլորտին մէջ կ՛աշխատէր շուրջ 1 միլիոն մարդ, որ կը կազմէ երկրի աշխատունակ բնակչութեան շուրջ 7 տոկոսը: Ըստ «Wall Street Journal»ի` իրավիճակը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ թրքական օդուժը խոցեց ռուսական Су-24 ռմբակոծիչը, որմէ ետք Մոսկուան տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ նկատմամբ: Բացի ատկէ, ըստ պարբերականին, ոլորտի վրայ իրենց բացասական ազդեցութիւնը ձգեցին նաեւ պարբերաբար կրկնուող ահաբեկչական գործողութիւնները:
Այս առումով` «Wall Street Journal»ը կը մէջբերէ, աշխարհի մէջ խոշորագոյն «TUI Group» զբօսաշրջային գործարկուի եւ գերմանական զբօսաշրջութեան ընկերացութեան տուեալները, ըստ որոնց Թուրքիա նախատեսուած այցելութիւնները 2015ի համեմատութեամբ նուազած են 40 տոկոսով, իսկ հարիւրաւոր հիւրանոցներ վաճառքի հանուած են: