Թրքական ոստիկանութիւնը Շաբաթ օր դարձեալ արցունքաբեր կազ օգտագործած է՝ ցրուելու համար «Զաման» օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին ապահովական ուժերուն կողմէ խմբագրատան գրաւման
դէմ:
Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է` ցրուելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընդդիմախօս օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները:
Թրքական իշխանութիւններուն այդ քայլը արժանացաւ Արեւմուտքի քննադատութեան: Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ուղղեց յարգելու խօսքի ազատութիւնը:
Միութիւնը Թուրքիոյ հետ իր վեհաժողովէն երկու օր առաջ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Թուրքիան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիրի, պէտք է յարգէ ժողովրդավարութեան կանոններն ու գործելաոճը, որոնց շարքին` լրատուամիջոցներու ազատութիւնը: Նշենք, որ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած վեհաժողովը յատկացուած է գաղթականներու ճգնաժամին:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը լուրջ կասկածներ ունի Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան շուրջ: «Քննարկումը շատ երկար պիտի տեւէ, այժմ այդ մասին չ՛արժեր մտահոգուիլ»,- ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի մտահոգիչ նկատեց լրատուամիջոցներուն նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն վերջին միջոցառումները: «Մենք տեղեակ ենք թրքական «Զաման» օրաթերթին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն:
Կատարուածը թրքական կառավարութեան կողմէ զինք քննադատող լրատուամիջոցները թիրախ դարձնող մտահոգիչ գործողութիւններու շարքին վերջին դէպքերէն է: Մենք կը յորդորենք Թուրքիոյ կառավարութեան՝ յարգանք ցուցաբերելու իրաւունքի եւ օրէնքի նկատմամբ: Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ քննադատական կարծիքները պէտք է ողջունուին, եւ ոչ թէ` լռեցուին»,- ըսաւ Քըրպի: