Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ, ազ­գա­յին խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րու գծով, Մարտ 3ին դար­ձեալ վէճ մը ծա­գած է: Քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թե­նէն հայ պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան նախ ցու­ցադ­րած է շէն­քի մը պա­տին վրայ «հայ փի­ճեր» գրու­

թեան լու­սան­կա­րը եւ ը­սած.- «Դժ­բախ­տա­բար, նման ա­րարք­ներ միայն ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րուն գոր­ծը չեն: Վար­չա­պետն ալ Պին­կէօ­լիԲիւ­րակն) մէջ ը­սած էր.- «­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մին, հայ հրո­սա­կա­խում­բե­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցած էին ռու­սե­րու հետ»: Այ­սօր թէ՛ թուր­քե­րը եւ թէ քիւր­տե­րը Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան կ­՛ան­դա­մակ­ցին, սա­կայն ե­թէ հի­մա ը­սեմ՝ «թուրք հրո­սա­կա­խում­բեր», այդ մէ­կը խտրա­կա­նու­թիւն պի­տի չըլ­լա՞յ։ Այդ­պէս կա­րե­լի՞ է: Պա­րոն վար­չա­պետն ալ բա­ցա­յայտ խտրա­կա­նու­թիւն դրսե­ւո­րած է»: Թուր­քիոյ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի փոխ-նա­խա­գահ Նա­ճի Պոս­թան­ճը հա­կա­դար­ձած է՝ ը­սե­լով, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ազ­գա­յին ա­տե­լու­թիւն ինք՝ Փայ­լա՛նն է, որ կը դրսե­ւո­րէ։ «­Վար­չա­պե­տը գիր­քեր ու­նի, ե­լոյթ­ներ ու­նի եւ ա­նոր խօս­քը յստակ է: Ա­նոր կող­մէ ոչ մէկ ան­գամ ո­րե­ւէ ազ­գի հան­դէպ ա­տե­լու­թեան ո­րե­ւէ դրսե­ւո­րում ե­ղած է»,- պնդած է Պոս­թան­ճը: Իր կար­գին, ընդ­դի­մա­դիր Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի փոխ-նա­խա­գահ Օք­թայ Վու­րալ յայ­տա­րա­րած է, թէ Փայ­լան ի­րա­ւունք չու­նի թուրք ազ­գը «ոճ­րա­գործ» ա­նո­ւա­նե­լու: Յի­շեց­նենք, որ Փայ­լա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած լու­սան­կա­րը առ­նո­ւած էր ան­ցած Յու­նո­ւա­րին, Շըր­նաք նա­հան­գի Սի­լո­փի շրջա­նին մէջ, որ եր­կա­րա­տեւ կրակ­մա­րի դրու­թեան դադ­րե­ցու­մէն ետք՝ վեր­ջա­պէս հա­սա­նե­լի դար­ձած էր տեղ­ւոյն բնակ­չու­թեան։