Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէթ Տաւութօղլու Փետրուար 27ին Պինկէօլի մէջ ունեցած ելոյթին բուռն կերպով քննադատելով քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը, ըսած է, թէ այդ կուսակցութիւնը “հայկական
հրոսախումբերուն նման կը գործակցի Ռուսաստանի հետ։ Կ՚երթան, Մոսկուայի մէջ ներկայացուցչութիւն կը բանան”։
«Demokrathaber» առցանց թերթը, որ T24-ի տեղեկատըւութեան վրայ հիմնուելով կը հաղորդէ այս լուրը, կ՚աւելցընէ նաեւ թէ Թուրքիոյ պատմութեան պաշտօնական բառամթերքին մէջ իբր «Տեղահանութիւն» բնութագրուող Հայոց ցեղասպանութեան որպէս պատճառաբանութիւն ցոյց տրուող այդ պնդումին ներկայիս ալ HDP-ի համար գործածութիւնը հակազդեցութիւններու տուն տուած է: Ըստ T24-ի, Տաւութօղլու սապէս խօսած է. “Ես այսօր խօսքս ձեզի յղեցի զազաերէն եւ քրտերէն։
Ասիկա եթէ անցեալին պատահէր, փոթորիկ կը ծագէր։ Մինչ կը յայտարարեն, թէ զէնքերը վար պիտի դնեն, ինչո՞ւ աւելի մեծ քանակութեամբ զէնք մտցուցին երկիր։ Կը շահագործեն Սուրի, Սիլոփիի մէջ պատահածները։ Հայկական հրոսախումբերուն նման՝ կը գործակցին Ռուսաստանի հետ։ Կ՚երթան, ներկայացուցչութիւն կը բանան Մոսկուայի մէջ։ Ո՞վ տարածաշըր- ջանը զինանոցի վերածեց։ Ո՞վ դիպուկահարներ մարզեց։ Ո՞վ մատղաշ երախաները խաբելով դէպի մահ առաջնորդեց։ Անոնք այսպէս պիտի գործեն, եւ այն պետութիւնն ալ որուն տուիք ձեր քուէները ձեռնածալ պիտի դիտէ՞։ Կ՚ընդունի՞ք այդպիսի բան։
Թուրքիան այն վերջին բերդն է, որուն իրենց յոյսը կապած են տառապող բոլոր ժողովուրդները։ Կը տեսնէք Հալէպի իրավիճակը։ Նոյն վիճակին ուզեցին մատնել մեր քաղաքները։ Այս պատճառով, որպէս քաղաքացիական կազմակերպութիւններ՝ ձեր պարտականութիւնն է ոտքի կանգնիլ”։
Տաւութօղլուի այս ելոյթէն ետք ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ հակազդեցութիւններ: Անոնցմէ բերենք քանի մը օրինակ՝
«Տաւութօղլու պատմական զարգացման առումով՝ տգէտ մը չէ: Շատ լաւ գիտակցելու է, որ այս նմանութիւնը ի՛նչ կը յիշեցնէ… Արդէն ծանրակշիռն ալ ա՛յդ է»: «Այսինքն ըսել կ՚ուզէ, որ “այն ինչ որ ըրինք 1915ին, նոյնը կ՚ընենք հիմա ալ”»: