Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altՊոլ­սոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ բնակ­չու­թիւ­նը նուա­զած օ­րի­նակ­նե­րէն մէկն ալ Ե­նի­գա­բո­ւի ­Սուրբ ­Թա­դէոսՍուրբ ­Բար­թո­ղո­մէոս ե­կե­ղե­ցին է։ ­Տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թով քա­ղա­քի կարգ մը թա­ղա­մա­սե­րը նօս­րա­ցած եւ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ան­ցեա­լի փառ­քի օ­րե­րը։ ­Պատ­մա­կան Վ­լա­նկա թա­ղի այս ե­կե­ղե­ցին ալ բնակ­չու­

թեան նո­ւա­զու­մի հետ միա­սին փա­կած էր կող­քի ­Հայ­կա­նու­շեան դպրո­ցի դռնե­րը։ Այժմ այդ տա­րած­քին մէջ տար­բեր բնոյ­թով կեն­սու­նա­կու­թիւն մը կը նկա­տո­ւի եւ Ե­նի­գա­բու ե­թէ ոչ բնակ­չու­թիւ­նով, բայց գո­նէ զբօ­սաշր­ջու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նով կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ։ Այս զար­գա­ցու­մը կը նպաս­տէ նաեւ ե­կե­ղե­ցիի կա­լո­ւած­նե­րուն վե­րար­ժե­ւոր­ման։ ­Կը տե­ղե­կացնեն, թէ թա­ղա­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կնքած է ­Հայ­կա­նու­շեան դպրո­ցի շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար։ Այս մա­սին թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Մու­րատ ­Գա­րա­ման «Ա­կօս»ին կը յայտ­նէ, թէ հա­մա­ձայ­նած են BRF ըն­կե­րու­թեան հետ եւ չորս տա­րո­ւայ շի­նա­րա­րու­թեան շրջա­նէ մը ետք պի­տի կա­ռու­ցեն պու­թիք հիւ­րա­նոց մը, ո­րուն ե­կա­մու­տը պի­տի նպաս­տէ ե­կե­ղեց­ւոյ ծախ­սե­րուն։ «­Շէն­քը պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նե­լով միայն չորս յար­կա­նի շի­նու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ եւ պի­տի ու­նե­նայ հիւ­րա­նո­ցա­յին 35 սե­նեակ­ներ։ ­Ներ­կայ պայ­մա­նագ­րի հա­մա­ձայն տա­րե­կան 180 հա­զա­րի ե­կա­մուտ մը պի­տի ու­նե­նանք»,- կ­՚ը­սէ ­Մու­րատ ­Գա­րա­ման։

Ե­նի­գա­բու թա­ղը ան­ցեա­լին ու­նե­ցած է շարք մը դպրոց­ներ։ 1880ի տո­ւեալ­նե­րով թա­ղի Ա­ռա­քե­լոց դպրո­ցին մէջ 54, ­Հայ­կա­նու­շեան դպրո­ցին մէջ 87 ա­շա­կերտ­ներ կ­՚ու­սա­նէին։ ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի Կրթա­կան ­Յանձ­նա­խում­բի 1 ­Յու­նո­ւար 1907 թո­ւա­կիր տե­ղե­կագ­րին մէջ երկու դպրոց­նե­րու տուեալ­նե­րը միա­ցո­ւած են, ուր կը հան­դի­պինք ու­թը ուսու­ցիչ­նե­րու, չորս ու­սուց­չու­հի­նե­րու, 42 աղ­ջիկ եւ 45 մանչ ա­շա­կերտ­նե­րով ման­կա­պար­տէ­զի, 107 աղ­ջիկ եւ 112 մանչ ա­շա­կերտ­նե­րով նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժին­նե­րուն։ Դպրո­ցի ա­ւե­լի ուշ թո­ւա­կա­նի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը պակ­սին։