Ատրպէյճան բողոքագիր յղած է Ռուսիոյ՝ Հայաստանին զէնք վաճառելու առնչութեամբ: Այս մասին, յայտնած է Ատրպէյճանի արտգործնախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ: «Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ Ա.Գ.Ն.ին բողոքագիր յղած է՝ հայկական կողմին 200 մի լիոն
տոլարի ռազմական զինատեսակ եւ սպառազինութիւն վաճառելու մասին Փետրուար 10ին ուժի մէջ մտած, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած վարկային համաձայնագրի առնչութեամբ»,- նշած է ան: Կը հաղորդուի, որ «Հայաստանին ժամանակակից յարձակողական զինամթերքի մատակարարումները չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման եւ կը տանին տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին»: