Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altՓետ­րո­ւար 17ին Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նին` Ք­նե­սէ­թի մէջ, «Օ­տա­րերկ­րեայ ­Գոր­ծա­կալ­նե­րու ­Մա­սին» օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման ժա­մա­նակ, «­Մե­րեց» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Զե­հա­ւա ­Կա­լիոն մե­ղադ­րած է Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պեր­մա­նը եւ ա­նոր «Իս­րա­յէլ` մեր տուն» ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը,

«Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծա­կա­լը ըլ­լա­լու» եւ այդ երկ­րի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւէն փող ստա­նա­լու մէջ` հա­կա­հայ­կա­կան լոպ­պինկ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով,- կը գրէ «­Սի­վիլ­նեթ»՝ վկա­յա­կո­չե­լով իս­րա­յէ­լա­կան Haaretz կայ­քը:

Քն­նարկ­ման մա­սին ­Զե­հա­ւա ­Կա­լիոն ֆէյս­պու­քի իր է­ջին մէջ գրած է.- «Ք­նե­սէ­թը քո­ւէար­կած է օ­տա­րերկ­րեայ գոր­ծա­կալ­նե­րու օ­րի­նա­գի­ծի օգ­տին, զոր ա­ռա­ջար­կած էին ­Ռո­պերթ Ի­լա­թով ու «Իս­րա­յէլ` մեր տուն» (Ի.Մ.Տ.) խմբակ­ցու­թիւ­նը: Ա­տի­կա ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մա­սին օ­րէն­քի ա­մե­նա­վատ տար­բե­րակն է, որ կը պի­տա­կա­ւո­րէ օ­տա­րերկ­րեայ պե­տու­թիւն­նե­րէն ֆի­նան­սա­ւորո­ւող ձա­խա­կող­մեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: ­Դուք կրնաք գու­շա­կել, թէ ի՞նչ կը կար­ծեմ այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին, սա­կայն ե­թէ Ի­լա­թով ո­րո­շած է օ­րի­նա­գի­ծը ա­նո­ւա­նել «Օ­տա­րերկ­րեայ ­Գոր­ծա­կալ­նե­րու ­Մա­սին օ­րէնք», ե­կէք խօ­սինք իս­կա­կան օտ­րա­րերկ­րեայ գոր­ծա­կալ­նե­րու մա­սին:

«Եր­կար տա­րի­ներ Ի.Մ.Տ. կու­սակ­ցու­թիւ­նը նո­ւէր­ներ կը ստա­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն` երկ­րէ մը, ուր ար­դէն 13 տա­րի է ա­զատ ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի չեն ու­նե­ցած: Ա­տոր դի­մաց կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­ռաջ կը տա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի շա­հե­րը Իս­րա­յէ­լի մէջ: Ա­հա ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­չա­կար­գի եւ Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պեր­մա­նի ու ա­նոր կու­սա­կից­նե­րու սերտ կա­շա­ռա­կեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու քա­նի մը օ­րի­նակ:

«Եր­կու տա­րի ա­ռաջ «Իս­րա­յէլ-Ատր­պէյ­ճան մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւն»ը կազ­մա­կեր­պած էր հա­մա­ժո­ղով Ատր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խու­թեան 22ա­մեա­կին առ­թիւ: Գլ­խա­ւոր բա­նա­խօ­սը ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­ւիկ­տոր ­Լի­պեր­մանն էր: ­Հա­մա­ժո­ղո­վը կը ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւէր Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան քա­րիւ­ղի եւ կա­զի ըն­կե­րու­թեան (SOCAR) կող­մէ, ո­րուն ­Լի­պեր­մա­նի ա­ռա­ջար­կով տրո­ւած է Իս­րա­յէ­լի ա­փե­րուն քա­րիւղ եւ կազ ար­դիւ­նա­հա­նե­լու ի­րա­ւունք:

«Ես ստու­գել եմ` ով է կանգ­նած այդ ըն­կե­րակ­ցու­թեան յե­տե­ւում, եւ պար­զո­ւել է, որ այն ֆի­նան­սա­ւո­րում է Ադր­բե­ջա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը գլխա­ւո­րում են Ի.Մ.Տ.ի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը: «­Քա­րիւ­ղի եւ կա­զի ար­դիւ­նա­հան­ման հար­ցով ­Լի­պեր­մա­նի շռայլ օգ­նու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան միայն մէկ օ­րի­նակ է: ­Պար­սա­ւան­քի ար­ժա­նի մէկ այլ օ­րի­նակ է ­Լի­պեր­մա­նի ան­խոնջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը կան­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար ա­տի­կա կա­րե­ւոր է ­Հա­յաս­տա­նի հետ ու­նե­ցած տա­րած­քա­յին վէ­ճի ծի­րէն ներս»: Ինչ­պէս կը գրէ իս­րա­յէլ­ցի պատ­գա­մա­ւո­րը, այս օ­րի­նակ­նե­րը «սառ­ցա­լե­րան գա­գաթն են», սա­կայն բա­ւա­րար են հե­տաքննու­թիւն սկսե­լու հա­մար, եւ այդ հար­ցով ­Կա­լիո­նը ար­դէն դի­մած է կա­ռա­վա­րու­թեան ի­րա­ւա­կան խորհր­դա­տո­ւին: