Երէկ երեկոյեան պայթում մը ցնցեց Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարան: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ պայթումին պատճառով սպաննուած է առնուազն 28 քաղաքացի եւ արձանագրուած են տասնեակ մը վիրաւորներ:
Պայթումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապէն, ցամաքային, ծովային եւ օդային ուժերու հրամանատարութեան նստավայրերէն, Մեճլիսէն, կառավարութեան կեդրոնական շէնքէն եւ ներքին գործոց նախարարութենէն 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Զինուորական անձնակազմին տեղափոխող հանրակառքը կարմիր լոյսի տակ կանգնած ժամանակ մէկ այլ ականապատուած մեքենայ պայթած է այդ վայրին մէջ: Թուրքիոյ հետախուզական կառոյցները կատարուածին պատասխանատու յայտարարած են Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը (PKK): Անոնք դեռ մէկ շաբաթ առաջ Անգարայի եւ Պոլսոյ անվտանգութեան մարմիններուն տեղեկացուցած էին ականապատ մեքենայով հնարաւոր պայթումի մասին: Ահաբեկչութենէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չեղեալ յայտարարած է Փետրուար 18ին նախատեսուած այցը Ատրպէյճան: