Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, Ուքրանիա կատարած այցի ժամանակ, յայտարարած է, որ Ռուսիա՝ աջակցելով Հայաստանին, սպառնալիք կը ստեղծէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան համար: Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ տարածքները
ռուսական սպառնալիքի տակեն ու աւելցուցած.- «Իրականութեան մէջ Ատրպէյճան նոյնպէս վտանգի տակ է, քանի որ Ռուսիան կ՛աջակցի Հայաստանին»:
Տաւութօղլու Ռուսիան մեղադրած է Սուրիոյ ղեկավարութեան ու քրտական ուժերու հետ միասին Սուրիոյ մէջ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելուն մէջ: «Կը ցանկամ այս ամպիոնէն ռուս իշխանաւորներուն յայտնել, որ Սովետական Միութիւնը 25 տարի առաջ փլուզուած է: Այդ շրջանը վերադարձնելու փորձերը Ռուսիոյ համար լաւ հետեւանքներ չեն ունենար: Այդպիսի արկածախնդրութիւնը հակառակէ նաեւ ռուս ժողովուրդի կամքին»,- ըսած է Տաւութօղլու: Այս մեղադրանքին իպատասխան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան (Ա.Գ.Ն.) ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կատարած է.
«Տաւութօղլու պէտք է հասկնայ, որ ՕսմանեանԿայսրութիւնը փլուզուած է եւ տարածաշրջանին մէջ այլեւս բռնապետական պետութիւն գոյութիւն չունի: Այնպէս որ, այդ բռնապետական մօտեցումը չի համապատասխաներ այն սկզբունքներուն, որոնցմով կ՛ապրի ժամանակակից աշխարհը»: Զախարովա նաեւ նշած է, որ Ռուսիա ու Ատրպէյճան կը կառուցեն փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններ, եւ Թուրքիա չի կրնար ապակայունացնել այդ բարեկամութիւնը:
«Եթէ Անգարա կը ցանկայ խաղալ նոր Օսմանեան Կայսրութեան դերը, ապա պէտք չէ մոռնայ, որ զայն կը կոչէին «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»,- աւելցուցած է Ռուսիոյ Ա.Գ.Ն. ներկայացուցիչը: