Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տնտե­սա­կան խառ­նաշ­փո­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ երկ­րին սա­կա­րա­նի շրջա­նա­ռու­թիւ­նը, ան­ցեալ տա­րո­ւան հա­մե­մատ, 11 ան­գա­մով նո­ւա­զած է: Տն­տե­սա­գէտ Նե­մաթ Ա­լիեւ «Ա­զատ­լըք» թեր­թին յայտ­նած է, որ շրջա­նա­ռու­թեան նո­ւա­զու­մը ամ­բող­ջու­թեամբ կա­պո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ար­ժե­թուղ­թե­րու շու­կա­յի փլուզ­ման հետ:

Ըստ մաս­նա­գէ­տին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րին հա­մար ար­ժե­թուղ­թե­րու բնա­կա­նոն շու­կայ չէ կրցած ստեղ­ծել: «­Հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յին մէջ քա­րիւ­ղի գի­նի ան­կու­մէն ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ար­ժե­թուղ­թե­րու եւ բաժ­նե­տոմ­սե­րու շու­կան 97 տո­կո­սով դադ­րած է գոր­ծե­լէ, սա­կայն ե­թէ բնա­կա­նոն շու­կայ ստեղ­ծո­ւած ըլ­լար, ա­պա ստեղ­ծո­ւած ճգնա­ժա­մի ըն­թաց­քին շատ հար­ցեր լու­ծում կրնա­յին ու­նե­նալ»,- յստա­կա­ցու­ցած է ան: