Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­alt«­Նոր ­Յա­րաջ».- Հա­լէ­պի շրջա­նին մէջ, վեր­ջերս, սո­վո­րա­կա­նէն ա՛լ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ ի­րա­վի­ճակ սկսած է տի­րել, դար­ձեալ հա­զա­րա­ւոր­ներ փա­խուս­տի դի­մած են հոն­կէ: ­Վեր­ջին տո­ւեալ­նե­րով՝ շուրջ 30.000 կը նկա­տո­ւէ թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը փրկե­լու հա­մար դի­մած են դէ­պի ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նը եւ սա­կայն հոն ալ

մնա­ցած:

­Հոն ալ մնա­ցածո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիա մին­չեւ վեր­ջերս կը մեր­ժէր բա­նալ իր դռնե­րը, մին­չեւ որ ստոյգ նոր խոս­տում­ներ, զի­ջում­ներ ձեռք ձգէ Ա­րեւ­մուտ­քէն, ի մաս­նա­ւո­րի ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տու­հիէն, որ հա­լած իւ­ղի նման կլլել կը թո­ւի ­Թուր­քիոյ ա­մէն մէկ ը­սա­ծը:

Այս­պէս, ­Մեր­քէլ դար­ձեալ ­Թուր­քիա գա­ցած է ­Փետրո­ւար 8ին ու տե­սակ­ցե­լով երկ­րին վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի հետ՝ յայ­տա­րա­րած է, թէ ժա­մա­նա­կը ե­կած է խօս­քէն գոր­ծի անց­նե­լու, այլ խօս­քով՝ շու­տով սկսե­լու՝ գու­մար­ներ փո­խան­ցե­լու ­Թուր­քիոյ: Եւ ոչ միայն: ­Քա­նի որ Ան­գա­րա հա­շիւ­ներ ու­նի մաք­րե­լիք ­Մոս­կո­ւա­յի հետ եւ իր «դատ»ին պաշտ­պան­ներ կը փնտռէ, պատ­շաճ ա­ռի­թէն օգտուե­լով ­Մեր­քէ­լը լծած է այդ դե­րին, որ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի հետ հրա­պա­րա­կաւ քննա­դա­տած է ­Ռու­սաս­տա­նը՝ ­Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու ռմբա­կոծ­ման պատ­ճա­ռով:

Ինչ­պէս կ­­՚ե­րե­ւի, ­Սու­րիոյ պա­տե­րազմն ու ա­նոր պատ­ճա­ռած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյն դրա­մագ­լուխն են ­Թուր­քիոյ: ­Քա­րիւ­ղի, բամ­պա­կի մագ­սա­նեն­գու­թիւն­ներ, եւ մա­սամբ նո­րին, ա­պօ­րի­նի գու­մար­ներ օ­րի­նա­կա­նացնե­լու մի­ջոց­ներ, մշու­շը սի­րող գայ­լին օ­րի­նա­կով՝ ցե­ղա­յին մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու փոր­ձեր, երկ­րին ներ­քին լուրջ հար­ցե­րը անդր-սահ­մա­նա­յին­նե­րով քո­ղար­կե­լու ճար­տա­րու­թիւն­ներ, եւ հի­մա ալ՝ Ա­րեւ­մուտ­քէն դրամ կոր­զե­լու փոր­ձեր, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն իր մուտ­քը դիւ­րաց­նե­լու, իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար Եւ­րո­պա մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր­նե­րը ջնջե­լու պա­հանջ­ներԻսկ ­Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե՞­րը, ո­րոնց հա­մար կը տրո­ւի 2,5 մի­լիո­նի թի­ւը: Ի՜նչ փոյթ թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար ի­րենց 80 մի­լիոն բնակ­չու­թիւնն իսկ ման­րուք մըն է: 80+2,5: Ի՜նչ տար­բե­րու­թիւն: