Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

alt«­Մար­մա­րա».- «Ան­ցեալ­նե­րը կարգ մը լրա­տու աղ­բիւր­ներ հրա­տա­րա­կած էին լուր մը, ուր կը պնդո­ւէր, որ Տիար­պա­քը­րիՏիգ­րա­նա­կերտ) հայ­կա­կան ա­նու­նը Ա­մէտ էր, ինչ որ սխալ էր բնա­կա­նա­բար, քա­նի որ Տիար­պա­քը­րի հայ­կա­կան ա­նու­նը Տիգ­րա­նա­կերտ է, իսկ Ա­մէ­տը ա­նոր քրտե­րէն ա­նունն է։

 

 

Իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան Պոլ­սոյ ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղանն ալ, ան­ցեալ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս քիւր­տե­րէ բաղ­կա­ցեալ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը մաս կազ­մե­լով հա­րաւ-ա­րե­ւելք գա­ցած էր ու հոն պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ միա­սին շփումնր ու­նե­ցած էր զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ։ Այդ ա­ռի­թով ան յի­շե­ցու­ցած էր, որ Տիար­պա­քը­րի հայ­կա­կան ա­նու­նը Տիգ­րա­նա­կերտ է։

Սե­լի­նա Տո­ղա­նի այս յի­շե­ցու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ ան յար­ձա­կու­մի են­թար­կո­ւի։ Եւ ո՛չ միայն ին­քը, այլ նաեւ իր ա­մու­սի­նը՝ Էր­տալ Տո­ղա­նը։ «­Հալ­քըն Հա­պեր­ճի­սի» կայ­քէ­ջին վրայ Իպ­րա­հիմ Էօզ­տո­ղան շատ խիստ յօ­դո­ւա­ծով մը ծանր ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի հաս­ցէին, զայն եւ ա­նոր ա­մու­սի­նը «Էր­մէ­նի­ճի» (հա­յա­պա՞շտ) ո­րա­կեց, մե­ղադ­րեց նաեւ Քը­լըճ­տա­րօղ­լուն, որ, ըստ ի­րեն, մա­կե­րե­սա­յին պատ­ճառ­նե­րով Սե­լի­նա Տո­ղա­նը ա­ռա­ջին կար­գի վրայ ըն­դու­նած էր ու ա­պա­հո­ված էր ա­նոր ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւի­լը։

Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը պնդէ, որ «­Տիգ­րա­նա­կերտ» ա­նու­նին տրո­ւի­լը ար­դէն փաստ է, թէ Սե­լի­նա Տո­ղան «Էր­մէ­նի­ճի» է։ Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կը նշէ, որ Սե­լի­նան ար­դէն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նած էր, ը­սած էր, որ նշա­նա­կե­լի է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին հա­յու­հի մը ե­րես­փո­խան կ­՛ընտ­րո­ւի։ Ան պնդած էր նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը բա­ցո­ւի։ «Կ­՛ե­րե­ւի, թէ ինք­զինք Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին մէջ կը կար­ծէ, Հա­յաս­տա­նի ա­նօ­թի­նե­րուն մա­սին կը մտա­հո­գո­ւի՝ փո­խա­նակ մտա­հո­գո­ւե­լու Թուր­քիոյ ա­նօ­թի­նե­րուն մա­սին, նաեւ յանդգ­նու­թիւ­նը կ­՛ու­նե­նայ պա­հան­ջե­լու Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նին ա­զա­տու­թիւ­նը»,- կը գրէ յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը։

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան դաս մըն ալ կու տայ.- «­Նա­յէ՛ Սե­լի­նա հա­նըմ, թուր­քե­րը Ա­նա­տո­լուն հա­յե­րու ձեռ­քէն չէ՛ որ ա­ռին, բիւ­զան­դա­ցի­նե­րուն ձեռ­քէն ա­ռին»,- կ­՛ը­սէ ան ու կը քննա­դա­տէ նաեւ Քը­լըճ­տա­րօղ­լուն, որ Սե­լի­նա Տո­ղա­նը ան­մի­ջա­պէս որ­պէս թեկ­նա­ծու ըն­դու­նեց, ո­րով­հե­տեւ ան եւ ա­մու­սի­նը Տեր­սի­մի պա­տա­հար­նե­րուն հա­մար «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծած էին։ Ցա­ւա­լի է ան­շուշտ, որ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի աշ­խա­տան­քը կը մեկ­նա­բա­նո­ւի այս­քան ժխտա­կան ուղ­ղու­թեամբ։ Այս լու­րին ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցող «­Հայ Թերթ» կայ­քէջն ալ իր ցա­սու­մը կը յայտ­նէ ու կը հարց­նէ, թէ «­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ա­նու­նը տա­լով՝ Տիար­պա­քը­րը հայ­կա­կան քա­ղա՞ք պի­տի դառ­նայ»։ Կաս­կած չկայ, որ Սե­լի­նա­յի հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնն է, որ պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ­պէս­զի կարգ մը շրջա­նակ­ներ այս տե­սան­կիւ­նէն նա­յին ա­նոր ե­րես­փո­խա­նի աշ­խա­տան­քին»։