Թուրքիոյ հայ համայնքի համար 2016 թուականի գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայոց Պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութեանց ընտրութեան հարցը: Այս մասին «Արմէնփրես»ին յայտնած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան:
«Այդ ընտրութիւնները կարգաւորող կանոնադրութիւնը կը բացակայի, հետեւաբար արդէն քանի տարի է, որ չենք կրնար ընտրութիւն իրականացնել: Պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նոյնպէս խոչընդոտներ կան: Նոր Պատրիարք պէտք է ընտրենք, բայց կարգադրութիւնները ձեռնտու չեն: Ահա ասոնք են գլխաւոր խնդիրները»,- ըսած է Բագրատ Էստուկեան:
Անոր խօսքով՝ օրեր առաջ այդ հարցերուն հետ կապուած ընդհանուր ժողով կազմակերպուած էր: Կը մասնակցէին հայ համայնքի բոլոր հաստատութեանց ներկայացուցիչները: Ժողովին հնչած է այն կարծիքը, թէ յոյս չկայ, որ մինչեւ 2017 թուական հնարաւոր ըլլայ ընտրութիւն կազմակերպելու: Ատիկա կը վերաբերի ե՛ւ պատրիարքի, ե՛ւ վարչութիւններու ընտրութեան:
Ըստ Բագրատ Էստուկեանի` ասիկա իրականութեան մօտ կարծիք է: Պատճառը այն է, որ հայ համայնքին մէջ չեն կրնար այդ հարցերուն շուրջ ընդհանուր եզրակացութեան գալ: Ըստ անոր` այս գործընթացը հայկական համայնքի քայքայման պատճառ կը դառնայ: «Պոլսահայութիւնը բաւական կազմակերպուած համայնք եղած է 10 տարի առաջ: Վերջին տարիներուն այս անորոշութիւնները համայնքի համակարգը կը խանգարեն, նոյնիսկ այս իրավիճակը անդամներուն մօտ յուսալքութիւն, հիասթափութիւն կ՛առաջացնեն: Ատիկա վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ»,- ըսած է «Ակօս»ի խմբագիրը:
Ընտրութեանց վերաբերեալ հարցերուն զուգահեռ՝ Թուրքիոյ հայ համայնքին համար տնտեսական լուրջ խնդիրներ ալ կան: Բագրատ Էստուկեանի փոխանցմամբ՝ դպրոցները տնտեսաւորման դժուարութիւններ ունին, մասնաւորապէս՝ ծախսերը աւելցած են: «Տնտեսաւորման միջոցներու ելքն ու մուտքը հնարաւոր չէ հաւասարակշռել: Սովորաբար ամէն տարի այս շրջանին տնտեսական առումով ճգնաժամ կ՛ունենանք, բայց բարեգործական միջոցներով, նուիրատուութիւններով կը փորձենք մուտքերն ու ելքերը հաւասարակշռել: Այս տարի որոշ դժուարութիւններ կան: Մեր յոյսը հայկական համայնքի միջոցներով իրավիճակը շտկելն է»,- աւելցուցած է Բագրատ Էստուկեան:
Անդրադառնալով հայկական համայնքի անվտանգութեան խնդրին` ան նշած է, որ Պոլսոյ մէջ այդպիսի խնդիր առայժմ չկայ, հոս եկեղեցիներուն համար սպառնալիք չկայ: Միայն Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին նման վտանգի տակ է, որովհետեւ պատերազմական գօտիի մէջ կը գտնուի: «Ո՛չ հայ հասարակութեան, ո՛չ ալ հայկական հաստատութիւններուն համար լուրջ սպառնալիքներ կան»,- եզրափակած է «Ակօս» թերթի հայերէն էջի խմբագիրը: