Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԹուր­քիոյ մէջ կա­յա­ցած յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի մրցա­շա­րին, որ կը կրէր Ո­ւեհ­տի Էմ­րէի եւ Հա­միտ Քափ­լա­նի ա­նու­նը, 75 քկ. քա­շա­յին կար­գով գե­րա­զանց հան­դէս ե­կած է 2014ի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­սէն Ջուլ­ֆա­լա­կեան։

 

 

Ջուլ­ֆա­լա­կեան յաղ­թած է ե­րեք մրցա­կից­նե­րու եւ հա­սած եզ­րա­փա­կիչ փուլ, ուր ա­ւե­լի ու­ժեղ գտնո­ւե­լով իր վրա­ցի մրցա­կի­ցէն, ճանչցուած է իբ­րեւ մրցա­շա­րի յաղ­թա­կա­նը:

Յի­շեց­նենք նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի միւս ան­դամ­նե­րը այս օ­րե­րուն հան­դէս ե­կած են Պուլ­կա­րիոյ մէջ կա­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին մրցա­շա­րին, ուր նո­ւա­ճած են 3 ոս­կէ, 2 ար­ծա­թէ ու 2 պրոն­զէ շքան­շան­ներ: