Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր, քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (ԺԺԿ-HDP) ան­դամ Կա­րօ Փայ­լան իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ:

 

 

Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հար­ցին վե­րա­բե­րեալ, Թուր­քիոյ հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թին իր տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ, Կ. Փայ­լան նշած է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան քննար­կում­նե­րէն ա­ռաջ նախ պէտք է դադ­րեց­նել երկ­րի մէջ ան­վերջ շա­րու­նա­կո­ւող զի­նեալ բա­խում­նե­րը:

«­Պէտք է վերջ տալ այս մթնո­լոր­տին: Ս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ հնա­րա­ւոր չէ սահ­մա­նադ­րու­թիւն ստեղ­ծել: Պէտք է մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կել` մեծց­նե­լու այն հա­ւատ­քը, որ հնա­րա­ւոր է ստեղ­ծել ոչ թէ միա­հե­ծան, այլ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սահ­մա­նադ­րու­թիւն»:

Հայ պատ­գա­մա­ւո­րը նշած է, որ ի­րենք պատ­րաստ են լսե­լու, դի­տար­կե­լու իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջար­կած պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման (նա­խա­գա­հա­կան) օ­րի­նա­կը ու նաեւ սե­փա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րը կա­տա­րե­լու: Սա­կայն ա­ռա­ջար­կո­ւող նա­խա­գա­հա­կան օ­րի­նա­կը ըն­դու­նե­լի չեն հա­մա­րեր:

«­Չենք կար­ծեր, թէ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի ա­ռա­ջար­կած նա­խա­գա­հա­կան ձե­ւը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան է: Մենք այն հա­մո­զու­մին ենք, որ ա­տի­կա բռնա­պե­տա­կան ձեւ է: Մեր չա­փա­նի­շը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն է: Մենք կ­՛ու­զենք, որ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը, ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րը, ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նո­ւած ըլ­լան»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին` Փայ­լան ընդգ­ծած է, որ հա­յե­րը նաեւ 150 տա­րի ա­ռաջ այդ երկ­րին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար պայ­քար մղած են, շարք մը հայ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ստեղ­ծած ու ա­ռա­ջար­կած են սահ­մա­նադ­րու­թեան ի­րենց նա­խա­գի­ծը:

«­Բայց այն ժա­մա­նակ իշ­խող մէկ այլ ֆա­շիս­տա­կան մօ­տեց­ման պատ­ճա­ռով՝ բո­լոր այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը ան­տե­սո­ւե­ցան, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը բե­ւե­ռա­ցո­ւե­ցաւ: Մենք մեծ ող­բե­րու­թիւն ապ­րե­ցանք»,- նշած է Փայ­լան:

Պատ­գա­մա­ւո­րը ա­ւել­ցու­ցած է, որ որ­պէս հայ ա­մէն ջանք պի­տի թա­փէ` հա­յե­րու պա­հանջ­նե­րը Մէճ­լի­սին մէջ յստակ ներ­կա­յաց­նե­լու եւ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րուն հա­մար շա­հա­ւէտ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սահ­մա­նադ­րու­թեան ստեղ­ծու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: