«Արմէնփրես» կը գրէ, որ քարիւղի գինի անկումէն կաթուածահար իր տնտեսութեամբ՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը ինչպէս բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, այնպէս ալ ռազմական ոլորտին մէջ կանգնած է շատ լուրջ խնդիրի առջեւ.- Ինչպէ՞ս դուրս գալ 10 ռազմական կառոյցներու մէջ ծառայող շուրջ 200 հազար զինուորներու, յատկապէս պաշտպանութեաննախարարութեան կազմին մէջ գտնուող զօրամիաւորումներու մէջ ծառայող 80 հազարէն աւելի զինուորներու եւ զինամիաւորներու ռազմական-սպառազինական ապահովման համակարգի ճգնաժամէն։
Ինչպէս որ կը հաղորդէ «Արմէնփրես», ըստ «Խազար» ռազմական հետազօտութիւններու հիմնարկին՝ ճգնաժամէն նուազ կորուստներով դուսր գալու համար, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է ջնջել կամ իրարու միացնել նախարարութեան կազմին մէջ գտնուող շարք մը ռազմական միաւորներ, նուազեցել զինուորներու աշխատավարձերը, սահմաններուն մէջ կրկնակի աշխատավարձով ծառայող հազարաւոր զինուորներուն տրուող աշխատավարձը իջեցնել զօրանոցային մակարդակի, պակսեցնել հազարաւոր պայմանագրային զինուորներու աշխատավարձերը կամ ընդհանրապէս կրճատել անոնց պաշտօնատեղիները, ջնջել զինուորներու համար նախատեսուած լրացուցիչ (արձակուրդի, կենցաղային իրերու, 13-14րդ աշխատավարձերու, նիւթական օգնութեան եւ այլն) վճարումները, խիստ նուազեցնել ռազմափորձերու, մարտական-մարտավարական փորձերու թիւը, յետաձգել զինուորներու բնակարաններու շինարարութեան եւ վերանորոգման աշխատանքները, ընդմիջել նոր զէնքերու, ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան հոլովոյթը եւ այլն։
Իր կողմէ «Մէյտան Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայքը կը հաղորդէ, որ յիշեալ քայլերու կենսագործումը արդէն սկսած է, հազարաւոր զինուորներու աշխատավարձը նուազած է, վճարումներուն մէջ լուրջ ընդմիջումներ ստեղծուած են եւ այլն։
Կայքը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւննը կ’աշխատի հասարակութենէն գաղտնի պահել կացութիւնը եւ լրատուամիջոցներուն կ’արգիլէ այդ մասինարտայայտուիլ։
Ըստ կայքին՝ եթէ «հնարաւոր ելեւմտական տնտեսման» վերոնշեալ միջոցառումները կեանքի կոչուին, ապա Ատըրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը պիտի նուազի, հասարակութեան մէջ բանակի հետ կապուած անորոշութիւն պիտի ստեղծուի, լրատուամիջոցներուն մէջ պիտի մեծնայ յանցագործութիւններու, զինուորներու մահերու եւ այլ ժխտական դէպքերու թիւը։
«Ատրպէյճանի բանակի ներկայ կառուցուածքը շատ ֆինանսներ պահանջող, սակայն, այդ միջոցներուն համապատասխան մարտական պատրաստուածութիւն չունեցող բանակի կառուցուածք է։ Բանակը կը հանդիսանայ ղեկավարութեան փտած նպատակներու կենսագործման կեդրոն։ Այստեղ միլիառներով ելեւմտական միջոցներ կ’իւրացուին եւ ոչ ոք կը պատժուի։ Պաշտպանական ծախսերը կը ծառայեցուին փտածութեան եւ կաշառակերութեան... աճին։ Հակառակ պարագային, հանրութիւնը պիտի տեղեկացուէր պաշտպանական պիւտճէի ծախսերու մանրամասներուն, մեծ թիւով կասկածելի հարցերու մասին, ինչպէս օրինակ՝ հասարակութենէն գաղտնի պիտի չպահուէին զինուորներու մահուան դէպքերը։ Եթէ նախապէս պաշտպանական ծախսերը կը կազմէին 3 միլիառ տոլարէն աւելի, ապա այժմ ատիկա չի կազմեր նոյնիսկ 2 միլիառ տոլար։ Փաստօրէն, Ատրպէյճանի պաշտպանական ծախսերը մանաթի արժեզրկումէն նուազագոյնը մէկ միլիառ տոլարով պակսած են։ Պաշտպանական ծախսերու նուազագոյնը 50 առ հարիւրը կը նախատեսուէր արտասահմանէն ներածուող զէնքերու, ռազմական սարքերու, տարբեր սարքաւորումներու ձեռք բերման վրայ։ Ներկայիս, քարիւղի գինի անկման հետ կապուած՝ նման նպատակներով վճարումներու համար պիւտճէին մէջ լուրջ ելեւմտական դժուարութիւն ստեղծուած է եւ այդ իրավիճակը մինչեւ տարուան կէսը աւելի պիտի վատթարանայ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կանգնած է հերթական լուրջ խնդիրի առջեւ։ Սակայն, այս անգամ խնդիրը միայն անոր խնդիրը չէ, որովհետեւ բանակը Ատրպէյճանի անվտանգութեան գլխաւոր պատասխանատու կառոյցն է»,- կը գրէ կայքը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Ատրպէյճանի 2016 թուականի պետական պիւտճէին մէջ պաշտպանական ոլորտի համար ծախսերը նախատեսուած են 1 միլիառ 837 միլիոն 237 հազար մանաթ, ինչ որ կը կազմէ ամբողջ պիւտճէական ծախսերու 12,6 առ հարիւրը։
2015 թուականի պետական պիւտճէին մէջ Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը նախատեսուած եղած են 3 միլիառ 783 միլիոն մանաթ, որ կը կազմէր 2015ի պետական պիւտճէին 17,9 առ հարիւրը։
Իսկ «Մինվալ.ազ» կայքը յայտնած է, որ այս տարուան 1 Յունուարէն սկսեալ, Ատրպէյճանի մէջ զինուորներուն աշխատավարձը արդէն 30-50 առ հարիւրով նուազեցուած է։
«Ազատլիկ.ինֆօ» կայքն ալ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի 2016 թուականի պետական պիւտճէին մէջ արդէն այժմէն իսկ 1,3 միլիառ մանաթ լրացուցիչ բաց ստեղծուած է։