Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

alt1800ա­կան­նե­րուն պատ­մա­կան Երզն­կա­յի մէջ կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին գանձ ո­րո­նող­նե­րու փո­րած փո­սե­րուն հե­տե­ւան­քով ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած է, Tert.amի հա­ղորդ­մամբ՝ գրած է «Ա­կօս»:

Եր­կար տա­րի­ներ ճա­կա­տագ­րի քմա­հա­ճոյ­քին յանձ­նո­ւած ե­կե­ղե­ցին վեր­ջին օ­րե­րուն գանձ ո­րո­նող­նե­րու թի­րախ դար­ձած է: Մեծ վնաս կրած ե­կե­ղե­ցին պահ­պա­նե­լու հա­մար քայ­լեր կը ձեռ­նար­կո­ւին: Տե­ղի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը պար­զա­պէս կղպանք դրած է ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին:

Խնդ­րի մա­սին բարձ­րա­ձայ­նած է յա­րա­կից գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն Թոլ­կա Կիւ­րիւն: Ան նշած է, որ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­պատ­կեր­նե­րը գո­ղա­ցո­ւած էին 5 տա­րի ա­ռաջ, որ­մէ ետք ե­կե­ղե­ցին իր ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւած է:

Կեդ­րո­նէն 15 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ գտնո­ւող Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, ներ­կա­յիս Էր­զին­ճա­նի (Երզն­կա) նա­հան­գա­պե­տա­րա­նը յանձ­նա­րա­րա­կան տո­ւած է, սա­կայն նա­հան­գա­պե­տի փո­փո­խու­թե­նէն ետք ա­նի­կա վե­րա­կա­ռու­ցե­լու հա­մար ոչ մէկ քայլ կա­տա­րո­ւած է: Վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ցոյց տո­ւած էր, որ ե­կե­ղեց­ւոյ երկ­րորդ յար­կին վրայ փլու­զում տե­ղի ու­նե­ցած է, սա­կայն ընդ­հա­նուր առ­մամբ մեծ խնդիր­ներ չկան: Ն­շո­ւած էր, որ վե­րա­կա­ռու­ցու­մէն յե­տոյ ա­նի­կա հին տես­քին պի­տի վե­րա­դար­ձո­ւի: