Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձած է Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Պատարագները աւելցնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշման,- կը գրէ Ermenihaber.am:
Աթէշեան ըսած է, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պատարագներու քանակին յաւելացումը իրենց համար կարեւորութիւն չի ներկայացներ: Ըստ Աթէշեանի` առ այժմ կրնան տարին ընդամէնը մէկ անգամ Պատարագ մատուցանել: Պատրիարքի փոխանորդը այս հանգամանքը բացատրած է Պատարագի մասնակիցներու քանակի նուազմամբ եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակով` յիշեցնելով, որ 2015 թուականի Սեպտեմբերին նախատեսուած Պատարագը, շրջանին մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներու հետեւանքով, չկրցան իրականացնել:
Անդրադառնալով Սուրբ Խաչի մէջ Պատարագները աւելցնելու որոշման` Աթէշեան ըսած է.- «Առանց այդ ալ Պատարագի մասնակիցները տարին 1 անգամ կրնան գալ: Նախորդ տարիներուն 1000է աւելի մասնակիցներու թիւը նուազած է` հասնելով մօտ 500ի: Այս որոշումը մեզի համար որեւէ փոփոխութիւն չի բերեր եւ պարտադիր բնոյթ չունի: Սակայն, եթէ արտերկրէն ինչ-որ խումբեր գան եւ մեզի դիմեն Պատարագի իրականացման համար, այդ ժամանակ մենք կրնանք օգտուիլ մեր այս իրաւունքէն: Այնուամենայնիւ, մենք ամէն տարի Սեպտեմբերի 2րդ շաբթուան մէջ Պատարագ պիտի մատուցանենք»: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մշակէ «բարեփոխումներու ծրար», ուր տեղ գտած են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղուած որոշ զիջումներ:
Մասնաւորապէս Վանի Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Պատարագները, այսուհետեւ, կրնան մատուցանուիլ ոչ թէ տարին մէկ անգամ, այլ` ըստ անհրաժեշտութեան, որեւէ ատեն: