Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանին մէջ, պարէտային ժամի դրութեան դադրեցումէն ետք, առաջին անգամ առնուած փողոցներու պարզած վիճակին լուսանկարները դաժան տեսարաններ ցոյց կու տան,- կը գրէ ermenihaber.am: Պարէտային ժամը, որ սկսած էր նախորդ տարուան Դեկտեմբեր
14ին, դադրեցուած է մասնակիօրէն` շուրջօրեայ պարէտային ժամը փոխարինուած է գիշերայինով: Բնակիչները կրնան փողոց ելլել առաւօտեան 05:00էն մինչեւ երեկոյեան 18:00ը: Թրքական «Cumhuriyet» թերթը կը գրէ, որ պարէտային ժամը հանուելէն յետոյ նոյնիսկ, ժողովուրդը դուրս չի գար տուներէն` վախնալով դիպուկահարներէ: Սիլոփիի շրջանի որոշ շէնքերը աւերուած են, 7 թաղամասի մէջ ջուրի եւ կոյուղիի ցանցը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է: Թերթը կը գրէ, որ ուշադրութիւն կը գրաւեն յատկապէս շէնքերու պատերուն եղած գրութիւնները.- «Հայ փիճեր (պոռնկորդի)», «Եալչընհանի խումբ», «PՃH» (Ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններ): Փողոցները լի են կենդանիներու դիակներով, որոնք, ըստ բնակիչներու տեղեկութիւններուն, կա՛մ գնդակահարուած են, կա՛մ սատկած են սովէն: