Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­alt«Հ­րան­դի ըն­կեր­ներ» շար­ժու­մը, Պոլ­սոյ մէջ, 19 Յու­նո­ւա­րին կա­տա­րած է յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ: Ծա­ղիկ­ներ դրո­ւած են այն վայ­րը, ուր 9 տա­րի ա­ռաջ, 19 Յու­նո­ւա­րին, սպան­նո­ւե­ցաւ պոլ­սա­հայ հրա­պա­րա­կա­գի­րը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Պոլ­սոյ «Ա­կօս»ը։ Թուր­քիոյ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով ժա­մը 14:30ին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնո­

ւած են Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ Կա­րօ Փայ­լան եւ Սե­լի­նա Տո­ղան:

Շէն­քին վրայ փակ­ցո­ւած էր «Ախ­պա­րի՜կ, կա­րօ­տով, զայ­րոյ­թով, յա­մա­ռօ­րէն այս­տեղ ենք» գրու­թեամբ ցու­ցա­նակ մը:

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հսկո­ղու­թեան կէ­տեր սահ­մա­նած է «­Ռա­մա­տա» պան­դո­կի եւ Մա­տո­յի դի­մաց: Յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցիլ ու­զող­նե­րը ա­րա­րո­ղու­թեան վայր կրցած են անց­նիլ՝ միայն այս կէ­տե­րուն վրայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ստու­գու­մէն ետք:

Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան յատ­կա­ցո­ւած տա­րած­քէն մար­դիկ հե­ռա­ցո­ւած էին` ռում­բի ո­րոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ:

Յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից խում­բե­րը Թաք­սի­մէն քա­լած են դէ­պի «­Սե­պաթ» շէն­քը:

«Հ­րան­դի ըն­կեր­ներ»ու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի.- «Այս­տեղ ենք` կա­րօ­տով: Կը կա­րօտ­նանք Հ­րանդ Տին­քին, որ ա­մէն մար­դու, ա­մէն լե­զո­ւի, հա­ւատ­քի, ա­մէն խօս­քի հա­ւա­սար կը վե­րա­բե­րէր: Այս­տեղ ենք` զայ­րոյ­թով: Հ­րանդ Տին­քը մեզ­մէ խլող, ե­րե­խա­նե­րը մար­դաս­պան դարձ­նող խա­ւա­րը, ար­դէն 9 տա­րի է, կը շա­րու­նա­կէ մար­դաս­պան­ներ ծնիլ: Այդ խա­ւա­րը տա­րա­ծո­ւած է երկ­րին շուրջ եւ ա­մէն օր նոր մա­հա­գոյժ կը տա­րա­ծէ: Կը ճանչ­նանք, գի­տենք: Մեր զայ­րոյ­թը կան­գուն է, կա­տա­րո­ւած­նե­րը` մեր մտքին մէջ: Այս­տեղ ենք` յա­մա­ռօ­րէն»: