Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Կիւլ­նար Սա­լի­մո­վա kyivpost.com կայ­քին վրայ տե­ղադ­րո­ւած իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը գրէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ խա­նութ­նե­րը մէկ առ մէկ կը փա­կո­ւին , ապ­րանք­նե­րու գի­նե­րը կը բարձ­րա­նան, ամ­սա­կան­նե­րու վճա­րու­մը կու­շա­նայ եւ մար­դիկ խու­ճա­պի մատ­նո­ւած են։ Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին դրա­մա­նի­շը՝ մա­նա­թը ա­րագ կեր­պով կար­ժեզր­կո­ւի։

Կ­՚ար­ժեզր­կո­ւի նաեւ քա­րիւ­ղը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­ծում­նե­րուն 94 առ հա­րիւրն է եւ պիւտ­ճէին 73 առ հա­րիւ­րը։ Դ­րա­մա­նի­շը տո­լա­րին դի­մաց իր ար­ժէ­քին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կորսն­ցուց, երբ կա­

ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ երկ­րին օ­տար դրա­մա­նիշ­նե­րու պա­հես­տին կէ­սը սպա­ռե­լէ ետք՝ դադ­րե­ցաւ ա­ջակ­ցե­լէ մա­նա­թին։

Գ­նա­ճին եւ ամ­սա­կան­նե­րու վճար­ման ու­շա­ցում­նե­րուն դէմ բո­ղո­քի ա­ռա­ջին ցոյ­ցե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Լան­քա­րան, Ակ­ժա­պա­տը եւ Սի­յա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Երկ­րին բռնա­պետ նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին չու­նի ժո­ղո­վուր­դը փրկե­լու ո­րե­ւէ ծրա­գիր եւ կը միայն կը­սէ, թէ գի­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէ։

Տն­տե­սա­գէտ Նա­թի Ժա­ֆար­լի, նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ներ­կայ կա­ցու­թեան դէմ յան­դի­ման, նա­խա­գա­հին վե­րա­բեր­մուն­քը կո­չած է «սո­վե­տա­կան վար­չա­րա­րու­թիւն։

Ա­լիե­ւի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց մար­զի մէջ ար­ձա­նագ­րած թե­րու­թիւն­նե­րը կը նշա­նա­կեն, որ Ատր­պէյ­ճան չի կրնար այլ եր­կիր­նե­րու նման Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կող­մէ օ­ժան­դա­կու­թեան ա­պա­ւի­նիլ։