Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

alt14 Յու­նո­ւա­րէն 15 Յու­նո­ւար լուս­ցող գի­շե­րը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ, հա­կա­ռա­կոր­դը տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զէն­քե­րէ եւ նռնա­կա­նետ­նե­րէ հայ սահ­մա­նա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած է շուրջ 600 կրա­կոց:
Բա­ցի վե­րոն­շեա­լէն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ Յու­նո­ւար 14ին, ժա­մը 21:30ի շուրջ, ատըր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի յա­

տուկ նշա­նա­կու­թեան ու­ժե­րը շփման գի­ծի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կած են թա­փանց­ման-հե­տա­խու­զա­կան փոր­ձի: Լ.Ղ.Հ. «պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ժա­մա­նա­կին հա­ւաս­տան­շել են հա­կա­ռա­կոր­դի դի­ւեր­սիոն (խա­փա­նա­րար) խմբի ա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը եւ ձեռ­նար­կել հա­մա­պա­տաս­խան կան­խար­գե­լիչ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի: Ար­դիւն­քում սպան­նո­ւել է հա­կա­ռա­կոր­դի առ­նո­ւազն եր­կու զին­ծա­ռա­յող, խմբի մնա­ցած ան­դամ­նե­րը դի­մել են փա­խուս­տի»,- նշո­ւած է նա­խա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։

Ար­ձա­նագ­րո­ւած փոխ-հրաձգու­թեան ըն­թաց­քին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կո­րուստ­ներ չէ ու­նե­ցած, բա­նա­կի զօ­րա­մա­սե­րը ի­րենց հա­կակ­շի­ռին տակ պա­հած են կա­ցու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով լիու­լի կա­տա­րել ի­րենց մար­տա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։