Կը նշուի, որ Տինքի գործով դատախազի փոփոխութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութեան 2016ի համար «աշխատանքի բաժանման» ծիրին մէջ: Կէօքալփ Քէօյքճուն աշխատանքի նշանակուած է Պոլսոյ դատախազութեան գլխաւոր նախապատրաստական հետաքննութեան գրասենեակին մէջ: Ան այլեւս ահաբեկչութեան ծիրին մէջ հետաքննութիւններ պիտի չկատարէ:
Տինքի սպանութեան գործի վերանայումը դատախազ Քէօյքճուի վստահուած էր Դեկտեմբեր 2014ին: Ան մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած էր Տինքի սպանութեան ընթացքին Պոլսոյ անվտանգութեան նախկին տնօրէն Ճալալեթին Ճերրահի, հետախուզական վարչութեան ղեկավար Սապրի Ուզունի, Տրապիզոնի անվտանգութեան նախկին տնօրէն Ռեշաթ Ալթայի եւ հետախուզական վարչութեան ղեկավար Էնկին Տինչի հետ միասին 26 պետական պաշտօնեաներու վերաբերեալ: Մեղադրական եզրակացութիւնը գլխաւոր դատախազութեան կողմէ երկու անգամ վերադարձուած էր անոր` անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող «թերութիւններու» համար: